image

ԱՄՆ կը պահանջէ Փարակուէյի մէջ ձերբակալուած Լիբանանցիին արտայանձնումը

ԱՄՆ կը պահանջէ Փարակուէյի մէջ ձերբակալուած Լիբանանցիին արտայանձնումը

Անցնող մայիսի 17-ին ԱՄՆ դեսպանութեան խնդրանքով Փարակուէյի իրաւասու մարմինները ներխուժած են «Unique SA» տարադրամի փոխանակման գրասենեակ եւ ձերբակալած Լիբանանի քաղաքացի Նատէր Մուհամմէտ Ֆարհաթ, որ կը մեղադրուի 1.3 շիլիոն տոլար արժողութեամբ թմրամիջոցներու գումար լուալու մէջ:

«Ալ Ախպար» թերթին փոխանցմամբ, ԱՄՆ իշխանութիւնները պահանջած են իրենց յանձնել մեղադրեալը, ԱՄՆ-ի մէջ զինք դատապարտելու նպատակով, սակայն Փարակուէյի մօտ Լիբանանի դեսպանութիւնը քայլեր սկսած է ձեռնարկել յանձնումը կանխելու համար:

Լիբանանի դեսպանութեան քայլը խանգարելու նպատակով հրէական կազմակերպութիւններէ օժանդակութիւն ստացող Ժողովրդավարութեան պաշտպանութեան կեդրոնը ամերիկեան «Foreign Policy» ամսագիրին մէջ յօդուած մը հրապարակած է, ուր ոչ պատշաճ ու ծաղրական լեզուով արտայայտուած է Լիբանանի ու անոր քաղաքական գործիչներուն դէմ:

Յօդուածին մէջ անհիմն մեղադրանքներ հնչեցուած են Լիբանանի քաղաքացի Ֆարհաթի դէմ, շեշտելով, որ վերջինս «Հըզպալլա»ի օժանդակութեամբ Փարակուէյ-Պրազիլ-Արժանթին սահմանին թմրամիջոցներու տարածմամբ կը զբաղի: