ԱՄՆ դեսպանատունը յայտարարեց. «ԵԱՀԿ Մինսքի ամերիկացի համանախագահին Երեւան տալիք այցին մասին տեղեկութիւն չունինք»

ԱՄՆ դեսպանատունը յայտարարեց. «ԵԱՀԿ Մինսքի ամերիկացի համանախագահին Երեւան տալիք  այցին մասին տեղեկութիւն չունինք»

Հայաստանի մէջ ԱՄՆ դեսպանատունը ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի ամերիկացի համանախագահ Էնտրիւ Շոֆերի` Հայաստան այցելելու վերաբերեալ որեւէ տեղեկութիւն չունի:

«Այս պահին այդ մասին տեղեկութիւն չունինք», ի պատասխան NEWS.am-ի հարցման` տեղեկացուցած են ԱՄՆ դեսպանատունէն:

Յիշեցնենք, որ երկու օր առաջ Հայաստան այցելած էր ԵԷԱՀԿ Մինսքի խումբի ֆրանսացի համանախագահ Պրիս Ռոքֆելը: Այցը յաջորդած էր Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի յայտարարութեան, որ Արեւմուտքը չեղարկած է ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի ձեւաչափը: Ըստ լրատուամիջոցներուն` յառաջիկային կը նախատեսուի նաեւ Մինսքի խումբի ամերիկացի համանախագահին այցը Հայաստան: