Նախաձեռնութեամբ Ամմանի մէջ գործող «Արարատ Մարզական Միութեան» օրերս Երուսաղէմի Հայ Երիտասարդաց Միութեան (ՀԵՄ) անդամներ այցելութիւն տուած են Ամման, ուր տեղի ունեցած է հանդիպումներու շարք մը։
Այս մասին «Արեւելք» տեղեկացաւ Ամմանի «ԱՄՄ»ի պաշտօնական էջէն, որ մասնաւորապէս կը գրէ։
Մեր ընթերցողաց յիշեցնենք, որ Ամմանի «ԱՄՄ»ի ատենապետի պաշտօնը մեծ պատասխանատւութեամբ կը վարէ երիտասարդ հայուհի՝ Մարալ Ներսէսեանը։
Ստորեւ հրապարակուած հաղորդագրութիւնը։
ՀԵՄ-ի կողմէ Յորդանան գտնուեցան Փետրուար 29 - Մարտ 3, 2024 Միութեանս վարչականներ Յակոբ Ճռնազեան, Սեդրակ Պալեան եւ Յակոբ Յակոբեան։ Այցելութեան նպատակն էր ՀԵՄ-ի եւ Յորդանանի քոյր Միութեան ԱՄՄ-ի միջեւ հարաբերութիւնները զօրացնել։ Հինգշաբթի, 29 Փետրուար Միութեանս վարչականները այցելեցին Ամմանի ԱՄՄ ակումբ ուրտեղ հանդիպում ունեցան Միութեան վարչութեան հետ։ Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան զանազան հարցեր նպատակ ունենալով երկու միութիւններու միջեւ ապագայի ծրագիրներ իրականացնելու։
Ուրբաթ, 1 Մարտ, Միութեանս վարչականները հանդիպում ունեցան ԱՄՄ-ի սկաուտներու հետ, հանդիպման ընթացքին ԱՄՄ-ի սկաուտները, սկաուտական դասընթացներ ունեցան պատրաստութեամբ ՀԵՄ-ի վաչականներու։ Նոյն օրը ԱՄՄ-ի պատկանող հողամաս ակումբին մէջ տեղի ունեցաւ երիտասարդական երեկոյ մը։
Այցելութեան աւարտին Միութեանս վաչականները յանձնեցին ԱՄՄ-ի վարչութեան յուշանուէր մը, ՀԵՄ-ի կողմէ նուիրեցին 500 ԱՄՆ տօլլար ինչպէս նաեւ ԱՄՄ-ի Սկաուտական խումբին նուիրեցին թմբուկնէր եւ սկաուտական իրեր։ Շնորհակալութիւն կը յայտնենք ԱՄՄ վարչութեան եւ անդամներուն ՀԵՄ-ի ներկայացուցիչներու ազնիւ ընդունելութեան։ Գալիք ամիսներու ընթացքին կը նխատեսուի որ երկու Միութիւններու միջեւ կ`իրականացուին ծրագրուած ծրագիրները եւ կ`ամրանան յարաբերութիւնները յույս ունենալով գործակցիլ նաեւ միւս երկիրներու մէջ գործող քոյր միութիւններուն հետ։