image
Հրատապ լուրեր:

Ամերիկեան օդուժի ինքնաթիռը առաջին անգամ Ուքրանիոյ երկնքին մէջ

Ամերիկեան օդուժի ինքնաթիռը առաջին անգամ Ուքրանիոյ երկնքին մէջ

Միացեալ Նահանգներու ռազմաօդային ուժերու RC-135 Rivet Joint ռազմավարական հետախուզական օդանաւը առաջին անգամ թռիչք կատարած է Ուքրանիոյ երկնքին մէջ։

Ռատիոելեկտրոնային հետախուզութեան օդանաւը, թռչելով Մեծն Բրիտանիոյ Միլտենհոլ օդային խարիսխէն, մուտք գործած է Ուքրանիոյ օդային տարածք Վոլինեան մարզի շրջանին մէջ եւ ուղղուած է դէպի արեւելք՝ Պելառուսիոյ հետ սահմանին երկայնքով։ Աւելի քան չորս ժամ ամերիկեան ինքնաթիռը սաւառնած է Խարքովի, Տնեփրոփեթրովսքի, Զապորոժիէի, Խերսոնի, Նիքոլաեւի եւ Օտեսայի մարզերու երկնքին մէջ։ Ուքրանիոյ օդային տարածքին մէջ օդանաւը մնացած է վեց ժամէն աւելի։

Սկիզբը այդ ինքնաթիռները Ուքրանիոյ երկնքին մէջ չեն նկատուած, կիրառուած են անօդաչու թռչող սարքեր, որոնք, մասնաւորապէս, օդային հետախուզութիւն իրականացուցած են Տոնպասի մէջ կողմերու շփման գիծի երկայնքով։ RC-135 Rivet Joint ինքնաթիռները կիրառուած են հիմնականին մէջ Սեւ ծովի, Պալթեան եւ հիւսիսային տարածաշրջաններուն մէջ, Ռուսաստանի սահմաններու ռատիոելեկտրոնային հետախուզութեան համար։