ԱՄՆ պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքըն Թուիթըրի իր էջին գրած է․
«Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով եւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան, այսօր հանդիպելով Թիֆլիսի մէջ, դրական քայլ կատարած են։ Ուղիղ երկխօսութիւնը Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ տարաձայնութիւնները լուծելու ամենաապահով ճանապարհն է»։