image

Ամերիկացի բանագնաց Ամոս Հոքշթայն երկուշաբթի Պէյրութ պիտի հասնի

Ամերիկացի բանագնաց  Ամոս Հոքշթայն երկուշաբթի Պէյրութ պիտի հասնի

Հակառակ Լիբանանի դիմագրաւած տնտեսական եւ ելեւմտական տագնապներուն, ինչպէս նաեւ ամերիկեան տոլարի փոխարժէքին արձանագրած բարձրացումին, սղաճին եւ ընկերային բոլոր հարցերուն, Լիբանանի ծովային սահմանագծումի հարցը կը մնայ տիրական:

Այս առումով նախանցեալ օր սէյիտ Նասրալլայի կատարած յայտարարութիւններուն մասին արձանագրուեցան իսրայէլեան այնպիսի արտայայտութիւններ, որոնց համաձայն, յստակ դարձաւ, թէ անոնք իրենց ուզած որոշումը կրնան տալ:

Նշենք, որ իսրայէլեան «Ուալա» կայքը հաստատեց, որ իսրայէլեան բանակը կը պատրաստուի պատասխանելու Հըզպալլայի կողմէ արձանագրուելիք որեւէ քայլի, որ թիրախ կը դարձնէ Քարիշի հարթակը:

Նոյն կայքը հաստատեց, որ իսրայէլեան բանակը բաւարար ուժեր չէ տեղակայած այդ հարթակին շուրջ, որովհետեւ հարցը բարդ է եւ զինուորական ու դիւանագիտական ծրագրաւորումի կը կարօտի:

Այս շրջագիծին մէջ, հարաւային Լիբանան-Իսրայէլ ծովային սահմանագծումի յատուկ բանագնաց Ամոս Հոքշթայն երկուշաբթի երեկոյեան պիտի հասնի Պէյրութ, ուր հանդիպումներ պիտի ունենայ իշխանութեան երեք պետերուն հետ:

 

Լուրը՝ «Ազդակ»էն: