Ռուսաստանի արտաքին հետախուզութիւն. «Սուրիոյ մէջ ԱՄՆ-ի վերահսկողութեան տակ գտնուող «Ալ Թանաֆ» զօրակայանը ականատես եղած է «Իսլամական պետութիւն» կազմակերպութեան հետ կապուած ահաբեկիչներու նախապատրաստման, եւ կը նախատեսուի զանոնք շահագործել Տոնպասի մէջ»:
Ռուսաստանի արտաքին հետախուզութիւնը հաստատած է, որ Սուրիոյ մէջ ԱՄՆ-ի վերահսկողութեան տակ գտնուող «Ալ Թանաֆ» զօրակայանը ականատես եղած է Տոնպասի մէջ օգտագործելու համար նախատեսուած ահաբեկիչներու նախապատրաստման:
Իսկ արտաքին հետախուզութիւնը կը մատնանշէր, որ «ՆԱԹՕ-ի երկիրներու հետախուզութիւնը զինուած ահաբեկիչներու կը տեղափոխէ Ուքրանիա:
Իսկ Ռուսաստանի արտաքին հետախուզութիւնը յայտարարեց, որ Սուրիոյ մէջ ԱՄՆ-ի վերահսկողութեան տակ գտնուող «Ալ Թանաֆ» զօրակայանը ականատես եղած է «Իսլամական պետութիւն» կազմակերպութեան հետ կապուած ահաբեկիչներու նախապատրաստման, եւ կը նախատեսուի զանոնք շահագործել Տոնպասի մէջ:
Կեդրոնական հետախուզութեան վարչութիւնը յայտնած է, որ ԱՄՆ-ի ուժերը կը շարունակեն ««Իսլամական պետութիւն» կազմակերպութեան նոր ստորաբաժանումներ» ձեւաւորել Մերձաւոր Արեւելքի եւ ափրիկեան երկիրներուն մէջ, եւ կը նախատեսուի անոնց տեղափոխումը Լեհաստանի տարածքով՝ Ուքրանիոյ մէջ ահաբեկչական գործողութիւններուն մասնակցելու համար։
Ռուսաստանի Պաշտպանութեան նախարարութիընը նախօրէին յայտարարած էր օտարերկրեայ վարձկաններու` Ուքրանիա ժամանման մասին` նշելով, որ անոնք գործողութիւններ կը կատարեն ռուսական ռազմական սարքերու շարասիւններուն վրայ:
«Ուքրանիոյ մէջ օտարերկրեայ վարձկաններուն բոլոր յարձակումները կ'իրականացուին Արեւմուտքի կողմէ ուքրանական զինեալներուն տրամադրուող զէնքի օգնութեամբ, ինչպիսիք են Javelin հրթիռները (տրամադրած է Միացեալ Նահանգները), NLO (տրամադրած է Բրիտանիան) եւ Stinger», աւելացուցած է նախարարութիւնը: