Աւագ հինգշաբթի, հանդիսապետութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ծայրագոյն Պատրիարք եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի, Միածնաէջ Մայր Տաճարէն ներս կատարուած է Ոտնլուայի կարգը:
Յընթացս արարողութեան՝ սուրբգրային ընթերցումներէն յետոյ, Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսն օրհնեց խորանի վրայ դրուած ջուրն ու իւղը եւ, ապա հոգեպարար շարականներու երգակցութեան ներքոյ, Աստուածորդու օրինակով ծունկի գալով, լուաց եւ իւղով օծեց տասներկու անձանց ոտքերը:
Այս տարուան Ոտնլուայի արարողութեան համար ընտրուած էին Մայր Աթոռի միաբաններ Գերաշնորհ Տ. Ոսկան արքեպիսկոպոս Գալփաքեանը եւ Հոգեշնորհ Տ. Մոմիկ վարդապետ Սարգսեանը, Գեւորգեան հոգեւոր ճեմարանի սան Դաւիթ սարկաւագ Յունանեանը, Երեւանի պետական համալսարանի Աստուածաբանութեան ֆակուլտետի ուսանողներ Յարութիւն Յակոբեանը եւ Արա Աւագեանը, զինուորներ Տիգրան Թումանեան եւ Նարեկ Փիրուզեանը, բժիշկ Սամուէլ Պողոսեանը, Մայր Աթոռի «Էօռնեկեան» հանրակրթական դպրոցի աշակերտներ Աշոտ Կարապետեանը եւ Յակոբ Մելիքեանը, մանուկներ Յովհաննէս Խաչատրեանը եւ Արշակ Քելեգեանը:
Աւարտին Գարեգին Բ Վեհափառ Հայրապետը «Պահպանիչ» աղօթքով օրհնեց տաճարին մէջ ներկայ հարիւրաւոր հայորդիներուն, որմէ յետոյ միաբան սարկաւագներն օրհնուած իւղը բաշխեցին հաւատացեալ ժողովրդին: