image
Հրատապ լուրեր:

«Աման եա ռապպի աման».Թուրքիոյ քաղաքացին Աստծոյ օգնութիւնը կը հայցէ (Տեսանիւթ)

«Աման եա ռապպի աման».Թուրքիոյ քաղաքացին Աստծոյ օգնութիւնը կը հայցէ (Տեսանիւթ)

 

 Թուրքիան հարուածած  երկրաշարժին հետեւանքով Հազարաւոր քաղաքացիներ յայտնուեցան ծանր վիճակներու մէջ։

Անտուն են, անօգնական եւ շփոթահար։ Ասոնց վրայ հարկ է աւելցնել այն փաստը, որ վերջին հարիւր տարուան ընթացքին Թուրքիան հարուածած երկրաշարժը կը համարուի աշխարհի մէջ եղած ամենածանր աղէտներէն մին։

Ի դէպ «Արեւելք»ի տեղադրած տեսանիւթին մէջ պարզ կը դառնայ, որ քաղաքացին Աստծոյ կը դիմէ «Աման եա ռապպի» գոչելով եւ չի բացառուիր, որ ան ըլլայ մէկը այն հազարներէն, որոնք Սուրիոյ պատերազմին բերումով ապաստանած էին Թուրքիոյ ամենատարբեր շրջաններուն մէջ։

Վերջին տուեալներուն համաձայն , այսօր Թուրքիոյ մէջ կ՚ապրին աւելի քան 4 միլիոն սուրիացիներ։

Մանարամասնութիւնները տեսանիւթին մէջ.