Ատրպէյճանի նախագահի օգնական Հիքմեթ Հաճիեւ հանդիպած է Հնդկաստանի դեսպանի հետ եւ յորդորած Նիւ Տելհին վերանայելու Հայաստանին զէնք մատակարարելու որոշումը, յայտնած են ատրպէյճանական լրատուամիջոցները:
Հանդիպման ընթացքին Հաճիեւ Սրիտարան Մատհուսուտհանանին ըսած է, որ Հայաստանի եւ Հնդկաստանի միջեւ ռազմական համագործակցութեան խորացումը եւ լրատուամիջոցներու մէջ Իրանի տարածքով հնդկական արտադրութեան սպառազինութեան համակարգեր Հայաստան տեղափոխելու մասին լուսանկարներու եւ տեսանիւթերու տարածումը վերջին օրերուն առաջացուցած է Ատրպէյճանի անհանգստութիւնը։
Հաճիեւ Հնդկաստանի դեսպանը յորդորած է պաշտօնական Նիւ Տելհիի ուշադրութիւնը հրաւիրելու ատրպէյճանական կողմի լուրջ մտահոգութիւններուն վրայ եւ վերանայելու Հնդկաստանի՝ Հայաստանին մահաբեր զէնք մատակարարելու որոշումը։