Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ հերթական ոչ միանշանակ յայտարարութիւնը ըրած է՝ Հայաստանի նկատմամբ տարածքային պահանջներու յստակ ակնարկով։
«Եւ, ի հարկէ, Զանգեզուր կը վերադառնանք, բայց խաղաղ ճանապարհով։ Ես կ'ըսէի, ոմանք կը փորձեն զիս մեղադրել։ Ես ըսեր եմ, որ այնտեղ կը վերադառնանք ոչ թէ թանկերով, այլ մարդատար մեքենաներով»,- մէջբերած են ատրպէյճանական լրատուամիջոցները Ալիեւին։
Յիշեցնենք, որ նախապէս Ալիեւ խօսած էր «իր նախնիներու հայրենիք» Երեւան վերադառնալու մասին։