Հրատապ լուրեր:

Ալիեւ կ՚ըսէ «Մի յետաձգէք»

Ալիեւ կ՚ըսէ «Մի յետաձգէք»

Ատրպէյճանը հայկական կողմէն պատասխան կը սպասէ խաղաղութեան պայմանագրի առաջարկներուն, որոնք Պաքուն ներկայացուցած է Երեւանին աւելի քան երկու ամիս առաջ։ Այդ մասին յայտարարած է երկրի նախագահ Իլհամ Ալիեւն՝ իր իրաքցի գործընկեր Ապտուլ Լաթիֆ Ռաշիտի հետ բանակցութիւններէն ետք կայացած մամուլի ասուլիսին։

«Մենք Հայաստանէն մեր առաջարկներուն պատասխան կը սպասենք։ Մենք քանի մը անգամ առաջարկութիւններ փոխանակած ենք խաղաղութեան պայմանագրի նախագիծի վերաբերեալ, բայց հիմա՝ աւելի քան երկու ամիս՝ սեպտեմբեր 11-էն, կը սպասենք, որ Հայաստանի կառավարութիւնը մեզի պատասխանէ։ Կ՚ուզենք գիտնալ անոնց կարծիքն այս մեկնաբանութիւններու վերաբերեալ։ Բայց մենք այդպէս ալ պատասխան չստացանք»,- Azertag լրատուական գործակալութեան հաղորդմամբ՝ ըսած է Ալիեւ։

Անոր խօսքով, Երեւանի պատասխանը ուշացնելու պատճառն այն է, որ «վատ խորհուրդներ կը ստանայ, մասնաւորապէս Ֆրանսայէն»։ Երկրի ղեկավարը նաեւ կը կարծէ, որ Հայաստանի հաւատարմութիւնը ֆրանսական խորհուրդին կրնայ սպառնալիք դառնալ տարածաշրջանային անվտանգութեան համար։ «Ֆրանսան շատ կործանարար դեր կը խաղայ Հարաւային Կովկասի մէջ։ Փաստօրէն, Հայաստանը դարձած է ֆրանսական կառավարութեան խամաճիկը, եւ այդ կրնայ լուրջ սպառնալիք դառնալ տարածաշրջանային կայունութեան համար»,-աւելցուցած է ան։

Ալիեւ նշած է, որ Ատրպէյճանին պատերազմ պէտք չէ: Ըստ Ատրպէյճանի նախագահի՝ «Ֆրանսայի կառավարութեան ոչ ճիշդ հաղորդագրութիւններն իրականութեան մէջ պատրանք կը ստեղծեն Հայաստանի իշխանութեան, եւ, հնարաւոր է, նաեւ հայ հասարակութեան մօտ, որ անոնք կրնան կրկին ռազմական յարձակում սկսիլ Ատրպէյճանի դէմ»։ «Հայաստանի սպառազինութիւնը, որով Ֆրանսան այդքան կը հպարտանայ եւ հրապարակաւ կը յայտարարէ, չ՚օգներ Հայաստանին, եթէ ան որոշէ նոր պատերազմ սկսիլ։ Արդիւնքը նոյնը պիտի ըլլայ, եւ ոչ ոք անոնց պիտի օգնէ։ Ուստի, Հայաստանը պէտք է ծրագրէ իր ապագան՝ ելլելով սեփական ազգային շահերէն, այլ ոչ թէ մեր տարածաշրջանէն հեռու գտնուող երկիրներու, յատկապէս արիւնալի գաղութային անցեալ ունեցող երկիրներու յաւակնութիւններէն»,- ընդգծած է Ատրպէյճանի նախագահը։

Ան նշած է, որ որքան շուտ Հայաստանէն պատասխան ստացուի խաղաղութեան պայմանագրի առաջարկի վերաբերեալ, այնքան լաւ։