image

Ալիեւ. Անհրաժեշտ է խաղաղութեան պայմանագիր կնքել

Ալիեւ. Անհրաժեշտ է  խաղաղութեան  պայմանագիր կնքել

Մենք կը ճանչնանք Հայաստանի տարածքային ամբողջականութիւնը, կը յայտարարենք այդ մասին եւ այդ կ'ընենք ամենայն պատասխանատւութեամբ։ Այս մասին յայտարարած է Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւը։

«Եթէ մենք այլ մտադրութիւն ունէնայինք, սեպտեմբեր 20-ին գործողութիւնը չէր դադրեցուէր։ Ես կ'ուզեմ, որ բոլորը գիտնան սա: Ես խորհուրդ կու տամ Հայաստանի ղեկավարութեան, անոնց թիկունքին կանգնածներուն, եւ անոնց, որոնք կը մտածեն Ատրպէյճանի նկատմամբ ինչ-որ անընդունելի ծրագրերու մասին, հերթական անգամ չփորձել մեր համբերութիւնը։

Ուստի հիմա՝ սեպտեմբեր 20-ին տեղի ունեցածէն ետք, ժամանակն է, որ Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի խումբերը միասին նստին եւ աշխատին խաղաղութեան համաձայնագրի նախագծի վրայ։ Կը կարծեմ, որ սեպտեմբեր 20-էն ետք, երբ Ատրպէյճանը վերականգնեց իր ինքնիշխանութիւնը, աւելի հեշտ կ'ըլլայ լուծում գտնել եւ հնարաւորինս շուտ կնքել խաղաղութեան պայմանագիրը։ Եւ անկէ ետք կամ ասոր զուգահեռ աշխուժօրէն աշխատիլ սահմաններու սահմանազատման վրայ եւ վերջ դնել երկարատեւ առճակատման: Մենք խաղաղութիւն կ'ուզենք Կովկասի մէջ, եւ այդ հասկնալի է։ Իսկ ընտրութիւնը պէտք է Հայաստանը  կատարէ»,- յայտարարած է Ալիեւ։