Ալֆորվիլի Հայ մշակոյթի տունը մեծ խանդավառութեամբ սկսաւ 2025-2026 տարեշրջանի իր գործունէութիւնը՝ ընդունելով 500-է աւելի երեխաներ։
Հայ մշակոյթի տունը կը շարունակէ իր առաքելութիւնը՝ ստեղծելով մթնոլորտ մը, ուր հայկականը եւ հայերէնը կը միաձուլուին դաստիարակչական եւ մշակութային առօրեայի մը մէջ:
Ալֆորվիլ քաղաքի բազմամշակութային ինքնութեան մէջ ան կը գրաւէ իր արդար տեղը իր հարուստ ծրագրով եւ բացուելու քաղաքականութեամբ:
Արձանագրութիւնները, որոնք սկսած էին անցեալ տարուան վերջաւորութեան, վերամուտին արդէն հասան իրենց բարձունքին։ 15 Օգոստոսին սկսաւ նոր տարեշրջանը, որ շարունակեց անցեալի աւանդութիւնները եւ ընդգրկեց նոր հորիզոններ։ Այս տարի Մշակոյթի տունը կ՚առաջարկէ նոր աշխատանոցներ՝ սինեմայի եւ կաւագործութեան ոլորտներուն մէջ, ինչպէս նաեւ կ՚ընդգրկէ նոր արուեստագէտներ եւ մանկավարժներ։
Այս տարի նաեւ պիտի ստեղծուի «Երեխաներու ժամանցի տունը» 8-11 տարեկան երեխաներուն համար. հաճելի եւ օգտակար այս ծրագիրը կը վայելէ մեր ծնողներուն հոգածութիւնը եւ օժանդակութիւնը:
Յոյսով ենք, որ տարեվերջի մեր հաշուետու համերգները իրենց կարգին պիտի ամփոփեն տարուան մը գործունէութիւնը եւ բաւարարութիւն տան առաջին հերթին երեխաներուն, ապա իրենց ուսուցիչներուն, ծնողներուն, հանրութեան եւ մեզի նեցուկ կանգնող բոլոր անձերուն եւ մարմիններուն:
Արժէ նշել, որ անցեալ տարեշրջանին կազմակերպուեցան դաշնակահար Լոռանս Մխիթարեանի համերգը եւ արուեստագէտ Այտա Ղազարեանի ցուցահանդէսը, ինչպէս նաեւ Սուսաննա Յարութիւնեանի « Le village secret » գիրքի ներկայացումը:
Հայ մշակոյթի տան գործունէութեան կարեւոր ուղղութիւններէն մէկը կը մնայ գիրքի տարածումը։ Այս շրջագիծին մէջ, աւանդական դարձած
« Armen’Livres » գիրքի ցուցահանդէսը, որ Ֆրանսայի տարածքին իր տեսակին մէջ առաջինը հանդիսացող նախաձեռնութիւն է, այս տարի կը նշէ իր քսանամեակը:
Ցուցահանդէսի ծիրէն ներս, Արաբական աշխարհի հիմնարկին (IMA – Institut du monde arabe) հետ գործակցաբար հայկական վարժարաններու աշակերտներուն պիտի առաջարկենք տեսական եւ գործնական աշխատանոցներ՝ նուիրուած գիրերու արուեստին եւ մասնաւորապէս հայկական մանրանկարչութեան։
Վերջերս Հայ մշակոյթի տունը ստորագրեց համաձայնագիր մը Համազգայինի տպարանին հետ։ Այս համաձայնագրին հիմամբ՝ Հայ մշակոյթի տունը կը դառնայ Համազգայինի հրատարակութիւններու տարածման միակ կեդրոնը Եւրոպայի մէջ։
Արխիւային աշխատանքի եւ յիշողութեան պահպանման ուղղութեամբ կը շարունակուի գործակցութիւնը (A.R.A.M. – Association pour la Recherche et l’Archivage de la Mémoire arménienne) Հայկական յիշողութեան հետազօտութեան եւ արխիւացումի կազմակերպութեան հետ՝ Հայ մշակոյթի տան յարկին տակ հաւաքելով եւ թուայնացնելով ընտանեկան, անձնական եւ համայնքային արխիւներ։ Անցեալի յիշողութեան կարեւորութեան անդրադարձի արդիւնքներէն մէկն էր «Ալֆորվիլ. Հայկական աւան (1920–1930-ականներ)» ցուցահանդէսը, որ ներկայացուեցաւ «2025-ի Ֆեսթիվ՚հայ» դաշտահանդէսին ընթացքին։ Կը նախատեսուի ցուցահանդէսը կրկին ներկայացնել տարբեր առիթներով:
Նախատեսուած է նաեւ ծրագրային գործակցութիւն հայերու կեանքին յիշողութիւնը վերականգնող «Յուշամատեան» կայքէջին հետ՝ հետազօտական աշխատանքէն բխած յօդուածներու պատրաստութեամբ եւ հրատարակութեամբ։
Հայ մշակոյթի տունը բաց է նորարար գաղափարներու առջեւ եւ պատրաստ է աջակցելու երիտասարդներու նախաձեռնութիւններուն՝ ուսանողներուն տրամադրելով փորձաշրջանի կարելիութիւններ։
Հայ մշակոյթի տունը կը շարունակէ իր առաքելութիւնը որպէս սփիւռքեան կենսարար կեդրոն՝ փոխանցելով հայ լեզուն եւ մշակոյթը՝ խթանելով հայ մտքի քննական եւ ստեղծարար ոգին: Հայ մշակոյթի տան դռնէն ներս մտնելով՝ մինչ օրս բազմաթիւ սերունդներ առիթը ունեցած են Ֆրանսայի բազմամշակութային իրականութեան մէջ՝ ճանչնալու եւ արժեւորելու հայկական ժառանգութիւնը, ինքնութիւնը եւ արմատները: