Օրերս, Հալէպի մէջ տեղի ունեցած է Ազգային Միացեալ Նախակրթարանի 2025-2026 ուսումնական տարեշրջանի վերամուտը։
Ստորեւ «Արեւելք»ի ընթերցողներուն կը ներկայացնենք այդ մասին «Գանձասար»ի հաղորդագրութիւնը՝
Վերամուտը նոր սկիզբ մըն է։ Ան կը յիշեցնէ մեզի, որ ամէն օր առիթ մըն է աւելի լաւ ըլլալու, աւելի գիտակից եւ աւելի պատասխանատու։
Արդարեւ, Երկուշաբթի, 29 Սեպտեմբեր 2025-ի պայծառ առաւօտեան, Ազգ. Միացեալ Նախակրթարանը, դռները լայն եւ կարօտով բացած, վարժարանի շրջափակին մէջ դիմաւորեց իր սիրելի աշակերտներն ու աշակերտուհիները։ Աշակերտները ժպիտով եւ խանդավառութեամբ համախմբուեցան՝ հանդիպելու իրենց ուսուցիչներուն եւ դասընկեր-դասընկերուհիներուն։
Բակին մէջ, հաճելի զրոյցներ, ծիծաղ եւ վերամիացման ջերմ ողջոյններ կը լսուէին։ Ամէն կողմ աշխոյժ ու կենսախինդ մթնոլորտ կը տիրէր. դպրոցական կեանքի վերակենդանացումն էր։
Օրը յատկանշուեցաւ Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տէր Մակար Սրբ. Արք. Աշգարեանի օրհնաբաշխ այցելութեամբ, Ազգ. Վարչութեան անդամ Վաչէ Ճուհարեանի եւ Ուսումնական Խորհուրդի անդամներուն ընկերակցութեամբ։
Սրբազան հայրը, Ազգ. Վարչութեան եւ Ուսումնական Խորհուրդի անդամները ջերմապէս դիմաւորուեցան վարժարանի հոգաբարձութեան, տնօրէնութեան եւ ուսուցչական կազմին կողմէ։
Վարժարանի տնօրէնուհի Նայիրի Քէօշկէրեան-Բանոյեան բարի գալուստ մաղթեց բոլորին, որմէ ետք Ազգ.Մանկապարտէզի շրջանաւարտ աշակերտները, ուսուցչուհիներուն առաջնորդութեամբ, բոլորին կողմէ ծափողջոյններով դիմաւորուեցան ու առաջին կարգի դաստիարակուհիներուն յանձնուեցան։
Բացման խօսքով տնօրէնուհին անդրադարձաւ հայ դպրոցին դերին՝ որպէս առողջ միջավայր, ուր հայ աշակերտը ոչ միայն գիտելիք կը ստանայ, այլ նաեւ կը զարգացնէ իր մտածողութիւնը, արժէքները եւ ընկերային յարաբերութիւնները։ Ապա մաղթեց, որ աշակերտներուն դպրոցական ուղին լուսաւորուի գիտելիքի լոյսով եւ ընկերային ջերմութեամբ։
Տնօրէնուհին երախտագիտական խօսք ուղղեց սրբազան հօր՝ իր հայրական հոգածութեան համար, ապա շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր բարերարներուն ու նուիրատուներուն՝ իրենց ներդրումին եւ աջակցութեան համար, նաեւ ուսուցիչ_ ուսուցչուհիներուն՝ իրենց ազգանուէր ծառայութեան եւ բծախնդիր աշխատանքին համար։
Այնուհետեւ Մակար սրբազան իր հայրական օրհնութեամբ եւ խրախուսական խօսքերով հոգեւոր լոյս մը սփռեց բակին մէջ։ Ան յորդորեց աշակերտները, որ միշտ եկեղեցի յաճախեն ու աղօթեն, սիրեն հայ դպրոցն ու մայրենի լեզուն, ըլլան բարի, ընկերասէր, աշխատասէր, հնազանդ, օրինակելի եւ լաւ պատրաստեն դասերը, որպէսզի յաջողին եւ իրենց ծնողներն ու ուսուցիչները ուրախացնեն։ Սրբազան հայրը ուսուցիչներուն ուժ, կորով, առողջութիւն եւ համբերութիւն մաղթեց, որպէսզի իրենց առաքելութիւնը լիովի կատարեն։ Ան եզրափակեց իր խօսքը բեղմնաւոր ուսումնական տարեշրջանի մաղթանքով։
Աշակերտները միասնաբար աղօթեցին <<Տէրունական Աղօթք>>-ը՝ խաղաղ, անփորձանք եւ հեզասահ տարեշրջան մը դիմաւորելու խնդրանքով։
Իսկ <<Պահպանիչ>> աղօթքէն ետք,առաջին զանգը հնչեց սրբազան հօր եւ տնօրէնուհիին ձեռամբ, որմէ ետք աշակերտները ուսուցչուհիներուն առաջնորդութեամբ իրենց դասարանները բարձրացան։
Ապա սրբազան հայրը տնօրէնութեան սենեակը Ազգ. Վարչութեան եւ Ուսումնական Խորհուրդի անդամներուն ներկայութեան հանդիպում ունեցաւ Ազգ.Միացեալ Նախակրթարանի հոգաբարձութեան եւ տնօրէնութեան հետ։ Ան բարձր գնահատեց բոլորին աշխատանքը, մաղթելով յարատեւ վերելք եւ նորանոր յաջողութիւններ։
Իսկ դասարաններէն ներս, աշակերտները իւրաքանչիւր դասանիւթի ուսուցչուհիին ծանօթացան, տետրակներ եւ գրենական պիտոյք ստացան, հիւրասիրուեցան, յիշատակի լուսանկարներ ունեցան, ապա գունագեղ փուչիկներով եւ վառ տրամադրութեամբ տուն վերադարձան։
Մեր խորին շնորհակալութիւնը կը յայտնենք Ազգ. Վարչութեան անդամ Վաչէ Ճուհարեանին, որ վերամուտի առիթով վարժարանի յարդարումի ծախսերը ստանձնեց եւ գունագեղ փուչիկներ նուիրեց, նաեւ Զենտա Գնաճեան-Թաթոյեանին, որ աշակերտներուն գրենական պիտոյք նուիրեց, ինչպէս նաեւ Սոնիա Գաբրիէլեանին, որ աշակերտներու տետրակներու ծախսը ստանձնեց, Վանենի Մինասեան-Պէպէճեանին եւ Դալար Կրպոյեան-Սարգիսին, որոնք բծախնդրութեամբ վարժարանին մուտքը զարդարեցին։ Իսկ վերամուտի նախօրեակին, վարժարանի ուսուցչական եւ վարչական կազմերը, տնօրէնուհիին հետ գործակցաբար, դասարաններուն մուտքերը գունագեղ փուչիկներով զարդարեցին,եւ աշակերտներուն գրենական պիտոյքն ու տետրակները դասաւորեցին։
Բոլորին վարձքը՝ կատա՛ր եւ ուժը անսպառ։
Բարի վերամուտ, առողջ եւ ուրախ ուսումնական տարեշրջան մը կը մաղթենք։