Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահ Ալեն Սիմոնեանը մարտ 22-ին Ժընեւի մէջ կայացած Միջխորհրդարանական միութեան 148-րդ վեհաժողովի շրջածիրէն ներս հանդիպած է Ատրպէյճանի խորհրդարանի նախագահ Սահիպա Կաֆարովայի հետ:
Ըստ հայկական կողմի հաղորդագրութեան՝ հանդիպման քննարկուած է Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ ընթացող «խաղաղ բանակցութիւններու գործընթացին երկու երկիրներու խորհրդարաններու հնարաւոր աջակցութիւնը»:
«Կողմերը պայմանաւորուած են դիտարկել միջխորհրդարանական մակարդակով երկխօսութեան հնարաւորութիւնը: Հանդիպումն անցած է կառուցողական մթնոլորտի մէջ»,-ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ։