image

Աջակցութիւն Ֆրեզնոյի հայ թանգարանին 

Աջակցութիւն Ֆրեզնոյի հայ թանգարանին 

Օրերս, Ֆրեզնոյի Հայկական թանգարանը տեղեկացուցած է, թէ Ֆրեզնոյի Արուեստներու խորհուրդէն ստացած է 300,000 տոլարի աջակցութիւն մը, որուն շնորհիւ պիտի ընդարձակէ իր գործունէութիւնը։

Այս մասին «Արեւելք» կը կարդայ ԱՄՆ հրապարակուող «Ասպարէզ»էն, որ մասնաւորապէս կը գրէ`  

Ֆրեզնոյի Հայկական թանգարանը կը տեղեկացնէ, թէ Ֆրեզնոյի Արուեստներու խորհուրդէն ստացած է 300,000 տոլարի աջակցութիւն մը, որուն շնորհիւ պիտի ընդարձակէ իր գործունէութիւնը։

Գումարին 120,000 տոլարը պիտի գործածուի թանգարանին առօրեայ աշխատանքներուն, մինչ մնացեալ 180,000 տոլարը պիտի յատկացուի «Յուշեր» նախաձեռնութեան, որուն շնորհիւ լուսարձակի տակ պիտի առնուի շրջանի հայութեան ներդրումները արուեստի զանազան ոլորտներու մէջ եւ այդ նպատակով մնայուն ցուցադրութիւն մը պիտի իրականացուի, դաստիարակչական աշխատանքներ պիտի տարուին, ինչպէս նաեւ արխիւներու թուայնացում պիտի կատարուի:

Այս առիթով, Ֆրեզնոյի Հայկական թանգարանի վարիչ Վարուժան Տէր Սիմոնեան հոգաբարձութեան անունով շնորհակալութիւն յայտնեց Ֆրեզնոյի Արուեստներու խորհուրդին՝ վստահեցնելով, որ շրջանի հայութիւնը մեծապէս պիտի օգտուի այս աջակցութենէն։