Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութիւնը 244.450 տոլարի կրթանպաստներ տրամադրած է:
Այս մասին իմացանք ԱՀԱԸ-ի պաշտօնական կայքէն, ուր Ամերիկայի հայ աւետարանչական ընկերակցութիւնը կը տեղեկացնէ, թէ 2021-2022 կրթական տաեշրջանին համար, 212.450 տոլարի կրթանպաստներ տրամադրած է 84 ուսանողներու, որոնք կը յաճախեն Միացեալ Նահանգներու եւ Գանատայի տարբեր համալսարաններ։
Ամերիկայի հայ աւետարանչական ընկերակցութեան կրթանպաստի յանձնախումբի ատենապետ Ճան Չերքէզեան կը յայտնէ, թէ յաւելեալ 32.000 տոլարի կրթանպաստներ տրամադրուած են Հայաստանի համալսարանական ուսանողներու։
Ընկերակցութիւնը նեցուկ կը կանգնի նաեւ Միջին Արեւելքի մէջ գործող շարք մը վարժարաններու կրթական հաստատութիւններու։
Կրթանպաստներու մասին յաւելեալ տեղեկութիւններու կամ դիմելու համար այցելել www.amaa.org կայքը։