image

«Աղօթքն ու օրհնանքը անպակաս էին մեծ մօրս շուրթերէն » Էօժէնի Պոսնոյեան

«Աղօթքն ու  օրհնանքը  անպակաս էին մեծ  մօրս  շուրթերէն » Էօժէնի Պոսնոյեան

«Ժամանակդ անիմաստ չանցընես»:

Այս է մեծ մայրիկիս կեանքի կարգախօսը: 

Մատլէն Գրաճեան Գալեմքէրեան: Ծնած է Հալէպ, որ իր սրտի քաղաքն է:

Կրթութիւնն ու ջանասիրութիւնը անփոխարինելի դեր կը զբաղեցնէին իր ողջ  կեանքին ընթացքին: «Լազար Նաճարեան Գալուստ Կիւլպէնկեան» Երկրորդական   վարժարանի  առաջին շրջանաւարտ սերունդէն՝ աւարտած է Հալէպի Պետական Համալսարանի տնտեսագիտութեան բաժինը 1966-ին, երբ բացառիկ դէպք էր տեսնել իգական  սեռի կին   ներկայացուցիչներ։

Խորապէս համոզուած էր, որ կրթութիւնը մարդու անկախութեան բանալին է: Այսպիսով, դասաւանդած է  իր  շատ  սիրած  վարժարանին այնույետեւ՝ «Կրթասիրաց» դպրոցներէն ներս: Դպրոցական տարիներու իմ առաջադիմութիւնս կը պարտիմ իրեն: Բծախնդրօրէն հետեւելով դասերուս ու մշտապէս քաջալերելով՝ սրտանց կ՛ուրախանար իմ իւրաքանչիւր հերթական ամենափոքր յաջողութեամբ իսկ: 

Բծախնդրութիւնը, կարգապահութիւնը, պարտաճանաչութիւնն ու խստապահանջութիւնը անխախտելի սրբութիւններ  եղած  են  իր համար: Խստապահանջ նախ իր անձին՝ այնույետեւ մեր նկատմամբ: Իւրաքանչիւր աշխատանք սրտանց, հաւատքով, անմնացորդ նուիրուածութեամբ եւ լաւագոյնս իրականացնելը իր յաջողութեան գրաւականներն էին: 

Մշակութասէր, հայրենասէր, ընթերցասէր ... գիրքը իր անբաժան ընկերն էր: 

Մեր զրոյցներու ընթացքին ես չէի զգար մեր տարիքային տարբերութիւնը, չէ որ այդքա՜ն նիւթեր կային դեռ  խօսելու ... Կիսուելով իր կեանքի փորձառութեամբ՝ միշտ տուած է իմաստուն խրատներ: 

Մարդասէր էր: Աղօթքն ու օրհնանքը անպակաս էին անոր  շուրթերէն։ Խոր հաւատք ունէր բարիի յաղթանակին հանդէպ: Միշտ կ'աղօթէր, որ Աստուած բժշկէր հիւանդներուն, փափկեցնէր չարութենէն քարացած սրտերը, որպէսզի աշխարհին տիրեն խաղաղութիւնն ու անդորրը: 

Յատկապէս՝ յույս ունէր տեսնել իր սիրելի ծննդավայր Հալէպի վերականգնուած բարօրութիւնը եւ Հայրենիքի խաղաղութիւնն ու բարգավաճումը: 

Օժենի Պոսնոյեան