«Ժամանակդ անիմաստ չանցընես»:
Այս է մեծ մայրիկիս կեանքի կարգախօսը:
Մատլէն Գրաճեան Գալեմքէրեան: Ծնած է Հալէպ, որ իր սրտի քաղաքն է:
Կրթութիւնն ու ջանասիրութիւնը անփոխարինելի դեր կը զբաղեցնէին իր ողջ կեանքին ընթացքին: «Լազար Նաճարեան Գալուստ Կիւլպէնկեան» Երկրորդական վարժարանի առաջին շրջանաւարտ սերունդէն՝ աւարտած է Հալէպի Պետական Համալսարանի տնտեսագիտութեան բաժինը 1966-ին, երբ բացառիկ դէպք էր տեսնել իգական սեռի կին ներկայացուցիչներ։
Խորապէս համոզուած էր, որ կրթութիւնը մարդու անկախութեան բանալին է: Այսպիսով, դասաւանդած է իր շատ սիրած վարժարանին այնույետեւ՝ «Կրթասիրաց» դպրոցներէն ներս: Դպրոցական տարիներու իմ առաջադիմութիւնս կը պարտիմ իրեն: Բծախնդրօրէն հետեւելով դասերուս ու մշտապէս քաջալերելով՝ սրտանց կ՛ուրախանար իմ իւրաքանչիւր հերթական ամենափոքր յաջողութեամբ իսկ:
Բծախնդրութիւնը, կարգապահութիւնը, պարտաճանաչութիւնն ու խստապահանջութիւնը անխախտելի սրբութիւններ եղած են իր համար: Խստապահանջ նախ իր անձին՝ այնույետեւ մեր նկատմամբ: Իւրաքանչիւր աշխատանք սրտանց, հաւատքով, անմնացորդ նուիրուածութեամբ եւ լաւագոյնս իրականացնելը իր յաջողութեան գրաւականներն էին:
Մշակութասէր, հայրենասէր, ընթերցասէր ... գիրքը իր անբաժան ընկերն էր:
Մեր զրոյցներու ընթացքին ես չէի զգար մեր տարիքային տարբերութիւնը, չէ որ այդքա՜ն նիւթեր կային դեռ խօսելու ... Կիսուելով իր կեանքի փորձառութեամբ՝ միշտ տուած է իմաստուն խրատներ:
Մարդասէր էր: Աղօթքն ու օրհնանքը անպակաս էին անոր շուրթերէն։ Խոր հաւատք ունէր բարիի յաղթանակին հանդէպ: Միշտ կ'աղօթէր, որ Աստուած բժշկէր հիւանդներուն, փափկեցնէր չարութենէն քարացած սրտերը, որպէսզի աշխարհին տիրեն խաղաղութիւնն ու անդորրը:
Յատկապէս՝ յույս ունէր տեսնել իր սիրելի ծննդավայր Հալէպի վերականգնուած բարօրութիւնը եւ Հայրենիքի խաղաղութիւնն ու բարգավաճումը:
Օժենի Պոսնոյեան