image

«Աղէտի գօտի» խօսոյթն այլեւս Շիրակի մարզին չի վերաբերիր․ Մարզպետ

«Աղէտի գօտի» խօսոյթն այլեւս Շիրակի մարզին չի վերաբերիր․ Մարզպետ

Շիրակի մարզն ամբողջութեամբ շինհրապարակ է, ինչպէս կրնայ այլեւս դիտարկուիլ աղէտի գօտի, այդ խօսոյթն ինծի կը թուի՝ այլեւս մեզի չի վերաբերիր։ Այս մասին կառավարութեան նիստէն ետք լրագրողներու հետ զրոյցին ըսած է Շիրակի մարզպետ Մուշեղ Մուրատեանը։

Հարցին՝ Գիւմրիի մէջ ջրամբարներ կան, եթէ տեղումներ ըլլան, մարզը պատրա՞ստ է, առատ տեղումներու  պարագային անհրաժեշտ միջոցներ ձեռնարկելու՝ կանխելու համար ջրհեղեղը, ան պատասխանած է․

«Բոլորովին վերջերս, երբ ամբողջ հանրապետութիւնում յորդառատ տեղումներ էին, տեղումների քանակն էլ սպասուածից աւելին էր, նաեւ տեղումնառատ էր Շիրակը, ասեմ՝ մեզ մօտ ոչ մի վտանգաւոր բան չի գրանցուել։

Թէպէտ, Արփի լիճն իր ծաւալով 105 մլն Խորանարդ մեթր է եւ ամբողջութեամբ լցուած է»։