image

Աղաւաղուած, աղճատուած ու գռեհկացուած բազմապաշարային հայոց լեզուն՝ բջիջային ցանցերուն մէջ

Աղաւաղուած, աղճատուած ու գռեհկացուած բազմապաշարային հայոց լեզուն՝ բջիջային ցանցերուն մէջ

Հայ ժողովուրդին համար, իր լեզուն, իր գոյութեան եւ արժանապատուութեան անհերքելի եւ անուրանալի երաշխիքն է, առանց որուն, մենք Ազգ ըլլալէ կը դադրինք, կը չքանանք:

Բայց, այս անվիճելի ճշմարտութեան «դիմագիծ»ը սկսած է փոխուիլ, մշուշուիլ ու շեղուիլ, չափէն աւելի ակնյայտ ու բացայայտ թերութիւններով, մերթ Հայաստանի, մերթ Սփիւռքի մէջ, թէեւ արտհայաստանի մէջ, ան նուազ խոցելի կողմերով հանդէս կու գայ, իսկ հայրենիքի մէջ, լեզուի գործածութիւնը եւ արտայայտութիւնը, անընդունելի եւ աններելի չափանիշներու հասած են, իրենց վնասաբեր եւ աղիտաբեր հետեւանքներով:

Այսօր (ինչպէս նաեւ երէկ), բայց, շատ աւելի բուռն թափով ու մղումով, Հայաստանը ներկայիս կը տառապի խոր ու սուր տագնապներով, որոնք անդամալուծած ու հաշմած են զայն, անճիտած ու գլխատած, յօշոտած ու բզքտած իր էութիւնը:

Որեւէ մարզ անմասն չմնաց այն ահաւոր աղէտներէն, որոնք պատած էին ամբողջ հայրենիքը, իր կառավարական կարգավիճակով, եկեղեցական տարերայնութեամբ, հողային ստուերացումներով, ժողովրդային հակամարտութիւններով, արտագաղթային տեղաշարժերով, ուստի, այսօրուան տուեալներով ու տեսարաններով, աւելի քան աննախընթաց են, թափանցիկ ու ցաւցնող:

Պետութիւն-եկեղեցի յարաբերութիւնները, որոնք առանց այդ ալ պրկուած ու լարուած էին, իրարու նկատմամբ անսահման թշնամանքով ու քէնոտութեամբ, իսկ ներկայիս, նոր ու խիստ մտահոգիչ տարողութեամբ, աւելիով հակաբեւեռացած, ուժգնօրէն պետութիւն պահելու եւ ամրապնդելու հրամայականութիւնը, աւելի խոցոտելով ու ստուերելով Ազգային Եկեղեցւոյ պատմական դերակատարութիւնը:

Ցաւալին այն է, որ վայրէջքներն ու ոլորապտոյտները անարգել կը շարունակուին ու կը կրկնուին, մինչ հայրենիքը քառասմբակ կը սուրայ դէպի անծանօթ, անորոշ եւ անկումային վիհեր եւ անդունդներ:

***

Այս գրութեամբ, դարձեալ ու դարձեալ, պիտի անդրադառնանք ուրիշ գերագոյն հիմնահարցի մը, որ կը վերաբերի մեր Ոսկեղնիկին՝ ՀԱՅՈՑ ԼԵԶՈՒԻՆ, որ մեր գոյութեան եւ ինքնութեան բազմանիստ եւ անփոխարինելի կռուանն է:

Ճիշդ է, այս առընչութեամբ, յաճախ օրակարգի բերած ենք այս թղթածրարը, համապատասխան  ախտաճանաչումներով ու վկայագրութիւններով, քննարկումներով ու մեկնաբանութիւններով, սակայն, «գնացք»ը շարունակած է իր ձախաւեր երթը, իր ամենէն քանդողական արդիւնքներով եւ սոսկալի սահանքներով:

Հայ ժողովուրդին համար, իր լեզուն, իր գոյութեան եւ արժանապատուութեան անհերքելի եւ անուրանալի երաշխիքն է, առանց որուն, մենք Ազգ ըլլալէ կը դադրինք, կը չքանանք:

Բայց, այս անվիճելի ճշմարտութեան «դիմագիծ»ը սկսած է փոխուիլ, մշուշուիլ ու շեղուիլ, չափէն աւելի ակնյայտ ու բացայայտ թերութիւններով, մերթ Հայաստանի, մերթ Սփիւռքի մէջ, թէեւ արտհայաստանի մէջ, ան նուազ խոցելի կողմերով հանդէս կու գայ, իսկ հայրենիքի մէջ, լեզուի գործածութիւնը եւ արտայայտութիւնը, անընդունելի եւ աններելի չափանիշներու հասած են, իրենց վնասաբեր եւ աղիտաբեր հետեւանքներով:

Խօսքս՝ այս պարագային, ցարդ առանց ընդհանրանալու, կը պատկանի այն «այլանդակ» հայերէնին, որ կը պարզուի ու կը գործածուի՝ արդիական-արուեստական այն գործիքներուն մէջ, որոնք համակարգիչներու ու կայքէջներու մէջ կը յայտնուին, իրենց զանազան անուանումներով, իսկ հայութիւնը, փոխանակ զանոնք, ըստ անհրաժեշտութեան եւ անմիջականութեան կարիքներուն ծառայեցնելու, զանոնք տարած են եւ առաջնորդած դէպի խաւարամտութիւն, անուանարկութիւն, վատահամբաւութիւն, վարկաբեկութիւն եւ աղարտաւորութիւն:

Թերեւս այս մատնանշումներն ու ակնարկումները, ոմանց համար լրջօրէն խնդրոյ առարկայ չըլլան, այնքան ատեն որ այդ գործիքները, ամէն ոք, ըստ կամս կամ իւրովի կը գործածէ կամ կ’օգտուի անոնցմէ:

Սակայն, մեր ցաւատանջութիւնը, գերմտահոգութիւնը, ատոնցմէ աւելին, մեր լեզուին անաղարտութեան ու մաքրութեան, անբիծութեան ու ճշգրտութեան հետ վերաբերմունքն է եւ ոչ թէ զայն ձգելու ինքնահոսի «մութ ու նեխած ճակատագիրի» ճահիճներուն ու ճախճախտուներուն մէջ, որոնք կրնան կրծել ու մաշեցնել իր կենդանութիւնը, զայն լրիւ անջատելով իր արմատներէն ու ձեւափոխելով կամ մշուշապատելով անոր հմայքին հարստութիւնը:

Հայաստանի անկախութեան բոլոր շրջաններուն, ուր միշտ ալ անկայունութիւններ եւ անապահովութիւններ, պայթուցիկ բռնկումներ արձանագրուած էին, քաղաքական թէ այլ զարգացումներով, հետեւիլ պէտք էր այդ «գայթակղեցուցիչ» գործիքներուն մէջ երեւցած լեզուական այլանդակութիւններուն, իրենց ամօթալի ու խպնելի բառամթերքով, անբարոյ եւ անհանդուրժելի եզրերով, փողոցային ու գռեհիկ անուանումներով, որոնք ի¯նչ պատիւ կը բերեն հայութեան, զանոնք անհեթեթօրէն գործածողներուն եւ առհասարակ անոնց, որոնք հայոց լեզուի հաշւոյն կը պղծեն զայն:

Իսկ այս «հոսք»ը ո՛չ մեղմացաւ, ո՛չ ալ զսպուեցաւ, ընդհակառակը, աւելի հող շահեցաւ, որովհետեւ հոն չկար հսկողութեան ու վերատեսութեան ոչ մէկ ուշադրութիւն եւ երանգ, հետեւաբար, ամէն ինչ ձգուած էր հողմի ու քամիի քմահաճութեան, իսկ զանոնք գործածողները եւ օգտագործողները, առանց գիտակցութեան նուազագոյն նշոյլի, շարունակեցին ու կը շարունակեն այլասերել լեզուն, չխնայելով մեր ԱՆԳԻՆ ԼԵԶՈՒԻՆ սրբութիւնն ու վեհութիւնը, այլ միայն գոհացնելով իրենց անձնասիրական ու վրէժխնդրական մոլուցքները, ամէնէն ստորնամիտ բառերով, որոնք միայն կը պղտորեն լեզուին շքեղութիւնը, այլեւ՝ կը ցուցաբերեն իրենց տմարդութիւնը, տգիտութիւնը եւ ունայնամտութիւնը:

***

Այս վատահամբաւութիւնը հասաւ իր խոցելի գագաթնակէտին, յատկապէս անցնող օրերուն, «խարխափումներն ու բախումներ»ը տարբեր ուղղութիւններվ նշանաւորուեցան, այս պարագային, մեր լեզուին, խօսակցական թէ գրաւոր լեզուին վրայ նոր սեւութիւն մը դրոշմելով, երբ ամէն հաւաքականութիւն եւ շրջանակ, իրենց գրիչը կամ բջիջայինը առած, հայոց լեզուն մրոտեցին իրենց լուտանքներով, յիշոցներով, հայհոյանքներով, այնպիսի ամօթաբեր, անպատիւ, անարգական, նախատական ու մեղապարտական խաղքերով ու գրութիւններով, իրենց մաղձերը թափելով աջ ու ձախ, երբ մարդ կ’ամչնայ զանոնք գործածելէ իսկ:

Հետաքրքրական է, այս մոլորատէրերը, կարճատեսները, ցնորամիտները, ինչպէ՞ս կը կարծեն իրենց դիրքերը պաշտպանել կամ ինչպէ՞ս կրնան համակերպիլ նման սայթաքումներու հետ, մանաւանդ երբ իրենց «թեզ»երը հետապնդելու համար, կը գործածեն հայ լեզուն, սանձարձակ լկտիութեամբ ու ծայրայեղական ձաբռտուքներով:

Լա՛ւ, ի դէմս այս նոր իրադարձութիւններուն, պատկան պատասխանատուները չէ՞ին զգուշացուցած իրենց հետեւորդները (կամ կողմնակիցները), չըլլալու այնքան «ոտաբոպիկ»ներ, հայ լեզուն չխաթարելու ու չվիրաւորելու հեռանկարով, ապա, այժմ, երբ կրկնուող մագլցումները հասած են իրենց բռնկումին, ուստի, հակադիր կողմերը (որոնք շատ-շա՜տ են), գոնէ գլխաւորները կամ պարագլուխները, իրենց ազգային-քաղաքական շահերը պաշտպանելու համար, իրենց ելոյթներուն ու քարոզչութիւններուն մէջ, չէ՞ին կրնար պահանջել խօսքի ու լեզուի լրջութիւն, կրթութիւն եւ յարգելիութիւն:

Եթէ «մարտնչող» խումբերէն ամէն ոք ունէր (եւ ունի) իր տեսակէտները, հայեացքները կամ արեւելումները, ինչ որ իրաւունք է (հիմնուած՝ ժողովրդավարական սկզբունքներու վրայ), ապա կարելի չէ՞ր այդ բոլորը բարձրաձայնել կիրթ ոճով ու լեզուով, փոխան անպարկեշտ ու գծուծ հաշիւներու:

Սակայն, հոս անկարելի է չյիշել, երկկողմանի զանգուածներուն անվայել մասնակցութիւնները, երբ ոմանք, իրենց գոռում-կոչերով եւ գրառութիւններով չանդրադարձա՞ն, որ տուժողը, վնասուողը ու… մահացողը, վերջին հաշուով, հայոց լեզուն է, որուն անխնաօրէն կը գորշեն ու կը խորշեն, իրենց անփառունակութեամբ եւ ազգային սնանկութեամբ:

Այս ամօթագրութիւնը հայ լեզուին նկատմամբ, ո՞վ պիտի ազդարարէ եւ ինչպէ՞ս պիտի սրբագրէ (՞), այնքան ատեն որ ան կը շարունակուի եւ ոմանք այդ միջոցով, կը փորձեն հարցեր «լուծել» եւ կամ՝ հաշուեյարդարներ տեսնելով ինքզինքնին արդարացնել:

***

Այս առիթով, քանի որ հայրենի վերնախաւի շրջանակներէն չկայ (ու չեղաւ) ո՛չ մէկ հակազդեցութեան ու զգաստութեան կոչ, առաջքը առնելու նման վաւաշոտ ու խառնասէր «փարազիթ»ներու աժան հեշտանքներուն, հայոց լեզուն թունաւորող պատեհապաշտներու եւ արկածախնդիրներու կողմէ, մինչ հայրենի մտաւորականութիւնը, իր զանազան պատկանելիութիւններով, հանգամանքներով ու դիրքերով, կը մնայ լուռ (կամ անտարբե՞ր), հետեւապէս, արդեօք ո՞ւր կրնայ հանգրուանիլ մեր հայկականութեան, հայեցիութեան ու հայակերտութեան պանծալի ՎԷՄը:

Ինչ կը վերաբերի ուղղագրութեան ու շարադասութեանց, նո՛յն «գործիք»ներուն մէջ յայտնուած ու ցուցադրուած արձանագրութիւններուն ու սխալագրութիւններուն միայն կարելի է ամչնալ այդ անգրագիտութեանց համար, թէ՛ Արեւելահայ թէ՛ սփիւռքահայ «մունետիկ»ներէ, որոնք, ուրիշ «խմբակ» մըն են հայոց լեզուն եւ անոր բառապաշարը… ապականող:

***

Հոս, կ’արժէ նշել, առանց յաւակնութեանց կամ համեմատութեանց, որ Խորհրդային Հայաստանի տարիներուն, Արեւելահայերէնը երբեք չէ արժանացած նման բառապաշարային «նուաստացում»ներու, որքան այսօրուան բջիջային գործիքներուն մէջ թխմուած ու ծուարած կապկութիւններն ու խեղաթիւրումները, անդին, ի պատիւ Արեւմտահայերէնին, բացարձակապէս ան չէ դաւաճանած իր բիւրեղ լեզուին ոճական ու շարադասական հարստութեան եւ ուղղաճշտութեան, ինչ որ կը նշմարուի ու կ’ուրուագծուի՝ հայաստանահայութեան պաշտօնական թէ ժողովրդային մետիային ու խամաճիկային գործիքներուն մէջ, թէեւ, անոր մօտ ալ առկայ են որոշ տատանումներ եւ արատներ, սակայն, ոչ այն ծաւալով, ուր Արեւելահայերէնը… կը ծածանի:

 

Պարոյր Յ. Աղպաշեան

(Պէյրութ)