Ռուս խաղաղապահները ապահոված են Արցախի Մարտակերտի շրջանի Ճանկաթաղ գիւղէն դէպի բջիջային կապի աշտարակ նոր ճանապարհի կառուցման աշխատանքի անվտանգութիւնը:
Բջիջային կապի աշտարակը կը գտնուի սահմանազատման գիծին մօտ եւ կը պահանջէ կանոնաւոր սպասարկում: Վարչակազմը որոշած է կառուցել ճանապարհ՝ այս նպատակին սպասարկելու համար: Այդ պատճառով անոնք կապ հաստատած են Ռուսաստանի խաղաղապահ զօրախումբին հետ՝ խնդրելով ապահովել անվտանգութիւնը:
Դէպի բջիջային աշտարակ տանող ճանապարհի աշխատանքները կը կատարուին Ատրպէյճանի սահմանէն 200 մեթր հեռաւորութեան վրայ: Աշտարակը կը գտնուի Ճանկաթաղ գիւղի մօտակայքը եւ կապ կ'ապահովէ տեղի մօտ 2 հազար բնակիչներուն: Այդ պատճառով, իրականացուող աշխատանքներուն անվտանգութիւնը ապահովելու համար շինարարական ընկերութիւնը դիմած է խաղաղապահներուն, որոնք արձագանգած են: