Թուրքիոյ իշխանութիւնները սահմանափակած են որոշ ընկերային ցանցերու հասանելիութիւնը՝ Իսթանպուլի ընդդիմադիր քաղաքապետ Էքրեմ Իմամօղլուի ձերբակալման լոյսին տակ։ Այս մասին յայտնած է NetBlocks համացանցի վերահսկման միջազգային ծառայութիւնը։
Ծառայութեան համաձայն՝ YouTube-ը, TikTok-ը, X -ը եւ Instagram-ը Թուրքիոյ մէջ չեն գործեր։ Պաշտօնապէս թրքական իշխանութիւնները չեն մեկնաբանած այս տեղեկութիւնը։
Յիշեցնենք, որ Իսթանպուլի մէջ իրաւապահները լայնածաւալ գործողութիւն սկսած են, ընդդիմադիր քաղաքապետ Էքրեմ Իմամօղլուն ձերբակալելու հրաման տրուած է։
«Իսթանպուլի՝ մայրաքաղաքի քաղաքապետարանին մէջ լայնածաւալ կաշառակերութեան գործողութիւն սկսած է։ Գործողութեան շրջածիրէն ներս քաղաքապետ Էքրեմ Իմամօղլուի եւ մամուլի հետ կապերու գծով անոր խորհրդական Մուրատ Օնկունի ձերբակալութեան հրաման տրուած է»,- ըսուած է հրապարակման մէջ։
Էքրեմ Իմամօղլուն Իսթանպուլի քաղաքապետի պաշտօնը կը զբաղցնէ 2019 թուականի մարտէն եւ կը համարուի նախագահ Ռեճէպ Թայէպ Էրտողանի գլխաւոր քաղաքական մրցակիցներէն։ Այս շաբաթ Իսթանպուլի համալսարանը գլխաւոր դատախազութեան դիմումէն ետք ետ կանչած է անոր վկայականը, ինչը թոյլ չի տար Իմամօղլուին առաջադրուիլ նախագահի պաշտօնին։ Իսթանպուլի քաղաքապետը միակ թեկնածուն էր ընդդիմադիր Ժողովրդահանրապետական կուսակցութենէն եւ կը համարուի գործող նախագահ Ռեճէպ Թայէպ Էրտողանի հիմնական մրցակիցը: