Թուրքիա- Անցնող ժամերուն Սէուտցի 6000 զբօսարջիկներ հեռացած են Թուրքիայէն: Այս մասին լուրը կը փոխանցէ «Ալ Հայաթ»ը: Թերթը նաեւ կը գրէ, որ Սէուտցի քաղաքացիներուն Թուրքիայէն հեռանալը կապ ունի անցնող Կիրակի օր Պոլսոյ «Աթաթուրք» օդակայանին մէջ տեղի ունեցած միջադէպին հետ, երբ թուրք ոստիկաններ ծեծի ենթարկած էին Սէուտցի զբօսաշրջիկ մը եւ անոր մայրը: Պոլսոյ մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ատէլ Մըրտատ մինչ հերքած է, թէ Սէուտցիներուն Թուրքիայէն հեռանալը կապ ունի միջադէպին հետ նաեւ ըսած է, որ օդակայանին միջադէպին առընթեր դեսպանատունը կը գործակցի Թուրքիոյ իշխանութիւններուն հետ ճշդելու համար դէպքին ամբողջական հանգամանքները եւ պատասխանատուութեան ենթարկելու մեղսակիցները: Նշենք, որ Սէուտցիներուն համար Պոլիսը զբօսաշրջային հիմնական հանգստավայր կը համարուի: