image

6 Փետրուարի երկրաշարժէն 15 օր անց . Թուրք մասնագէտ մը կարեւոր «խորհուրդներ» կու տայ իշխանութիւններուն

  6 Փետրուարի երկրաշարժէն 15 օր անց . Թուրք մասնագէտ մը կարեւոր «խորհուրդներ» կու տայ իշխանութիւններուն

6 Փետրուարին Թուրքիան հարուածած ահաւոր երկրաշարժի ֆոնին, երբ Թուրքիոյ իշխանութիւնները կը յայտարարեն, թէ մէկ տարուան ընթացքին պիտի վերակառուցեն վնասուած շրջանները, թուրք երկրաշարժագէտ՝ (սէյսմոլոկ) Նաժի Կիւրիւր կը զգուշացնէ, թէ պէտք է նկատի առնուին որոշ պայմաններ: Այս մասին «Արեւելք» վերահասու կը դառնայ «Ալ Արապիյա» կայքէն: 

 Գիտնական նախազգուշացուցած է, թէ 6 փետրուարին Թուրքիոյ մէջ տեղի ունեցած ուժգին երկրաշարժի հետեւանքով լուրջ վնասուած շրջաններուն մէջ կրաձոյլով (պէթոն) շինութիւններու արագ կառուցումէն: 

Երկրաշարժի գօտիին մէջ ընթացող գործողութիւններու մասին, ան մասնաւորապէս ըսած է, թէ «Եթէ շինութեան համար պիտի չօգտագործուին նախապէս պատրաստուած երկաթախառն կրաձոյլէ (պէթոն) առաստաղները, ուրեմն այս շրջանին պէտք չէ դիմել տեղւոյն վրայ կրաձոյլը խառնելու ու կառուցելու մեթոտին, որովհետեւ պիտի շարունակուին փոքր եւ մեծ յետցնցումները եւ պիտի առաջացնեն ճեղքեր այդ նոր կառուցուած երկաթախառն պէթոնին մէջ»:

Նշուած է նաեւ թէ Թուրքիոյ աղէտներու եւ արտակարգ իրավիճակներու կառավարման գործակալութիւնը (AFAD) կիրակի երեկոյեան յայտարարած էր, որ 6 փետրուարի տեղի ունեցած երկրաշարժերու զոհերու թիւը միայն Թուրքիոյ մէջ հասած էր 41020-ի։

Ի դէպ, աւելի վաղ, նախագահ Ռէճէպ Թայէպ Էրտողան խոստացած էր, որ մէկ տարուան ընթացքին պիտի վերակառուցէ թրքական 10 նահանգներուն մէջ երկրաշարժէն վնասուած շրջանները: Ան նաեւ աւելցուցած է, որ թրքական իշխանութիւնները կը ծրագրեն մարտ ամիսէն սկսեալ անցնիլ 30 հազար տուն կառուցելու աշխատանքներու այդ շրջաններուն մէջ։

Յիշեցնենք, որ Թուրքիան եւ մեծ Մերձաւոր Արեւելքի տարբեր շրջանները ցնցա երկրաշարժը 7,8 աստիճանի ուժգնութեամբ էր, որմէ ետք ալ մինչեւ այս պահը հարիւրաւոր յետցնցումները կը շարունակուին։