image

4 տարի առաջ ոմանք այս մարզադաշտին մէջ կը յայտարարէին՝ «Ղարաբաղը Հայաստան է եւ վե՛րջ». Ալիեւը՝ բռնագրաւուած Ստեփանակերտի մէջ

4 տարի առաջ ոմանք այս մարզադաշտին մէջ կը յայտարարէին՝ «Ղարաբաղը Հայաստան է եւ վե՛րջ». Ալիեւը՝ բռնագրաւուած Ստեփանակերտի մէջ

Չորս տարի առաջ ոմանք այս մարզադաշտին մէջ յայտարարած էին՝ «Ղարաբաղը (Արցախը-Խմբ.) Հայաստան է եւ վե՛րջ», իսկ մենք անոնց ապացուցեցինք, որ «Ղարաբաղն Ատրպէյճան է». այս մասին բռնագրաւուած Արցախի մայրաքաղաք Ստեփանակերտի մարզադաշտին մէջ յայտարարած է Իլհամ Ալիեւը:

Ալիեւ ելոյթ ունեցած է Ատրպէյճանի ֆութպոլի բաժակի խաղարկութեան 1/8 եզրափակչի «Ղարաբաղ»- MOİK խաղէն առաջ։

«Այսուհետեւ այս հողերուն վրայ յաւերժ պիտի ծածանի Ատրպէյճանի դրօշը։ Մենք՝ ատրպէյճանցիներս, յաւերժ պիտի ապրինք այստեղ», -յայտարարած է ան։