Լիբանանի մէջ ստեղծուած քաղաքական իրավիճակը կը շարունակէ իր ծանր հետեւանքները երկրի ընդհանուր, բայց մասնաւորապէս տնտեսական դրութեան վրայ։
Այդ առումով ալ ամէնէն կարեւոր ցուցիչը կը համարուի ամերիկեան տոլարին սակագինը, որ այս օրերուն ալ հատած է բոլոր կանխատեսումները եւ հասած 25.000 լիբանանեան թղթոսկիի։
Լիբանանի հասարակութեան համար, որ արդէն վերջին ամիսներուն կ՚ապրի մեծ զրկանքներու մէջ, ոչ այնքան կարեւոր է տոլարի սակագնի տատանումները, այլ առօրէական պէտքերու պակասը հիմնական շուկաներէն։
Խօսքը, ոչ միայն նաւթի տագնապին մասին է, առանց որուն ալ լիբանանի քաղաքացին կը կարողանայ, ինչ որ կերպ իր կեանքը շարունակել, այլ հարցը կը վերաբերի դեղորայքի պակասին, որ խորքային հարուած կուտայ անխտիր հասարակութեան ամենատարբեր շերտերուն։
Տագնապը, որուն համար շրջանային ուժեր օր ու գիշեր աշխատեցան, այսօր մտած է, ոչ միայն վտանգաւոր ժամանակ մը, այլ նոյնիսկ ցաւցնող ատեն մը, որուն ընթացքին ալ չի բացառուիր, որ լիբանանցի քաղաքացիներ դեղերու պակասին հետեւանքով մահանան։
Այս եզրագծին, անշուշտ տոլարին սակագինը, անոր գնային տատանումները, սեւ եւ ճերմակ շուկաներու մեծացուիլը կամ փոքրացումը, այլեւս մեծ նշանակութիւն չունին։
Նոյն կարծիքին է Լիբանանի դրամատնային համակարգի գործունէութեան հետեւող պետական յանձնաժողովի նախկին նախագահ Սամիր Համուտ, որ առանց բառերու ետին կանգնելու կը յայտարարէ, որ այսօր տոլարի սակին բարձրացման խնդրով դժուար է կանխատեսումներ կատարել, մանաւանդ, որ «տոլարը ցանկացած պահու կրնայ բարձրանալ եւ հատել բոլոր մակարդակի կարմիր գիծերը»։ Ահա այս տիպի խօսքերէն ու նաեւ տնտեսական ոլորտի կարգ մը վերլուծողներու խօսքերէն ու ծանր կանխատեսումներէն ետք, էական հարցումը, որ կը հնչէ հետեւեալն է ՝ արդեօ՞ք Լիբանանի մէջ ամերիկեան տոլարի սակագինը պիտի հատէ 30.000-ի սահմանը, եւ արդեօ՞ք այս ընթացքով տեղի ունեցող գործընթացները համընդհանուր փլուզումը պիտի դարձնեն իրականութիւն։
Հետեւանքներու մասին խօսիլը անշուշտ ոչ շնորհակալ աշխատանք մըն, սակայն այս բոլորին հետ մէկտեղ սկսած է երեւիլ, որ այսօր տեղի ունեցող զարգացումները կրնան ստեղծել այնպիսի իրադրութիւն մը, երբ եղած փլուզման հետեւանքները կրնան պատճառել անդառնալի կորուստներու։
Այդ կորուստներուն հիմքը եւ հիմնական պատճառը քաղաքական պայքարներն են, սակայն խնդիրը հոն է, որ շրջանին մէջ ցանկացած քաղաքական համաձայնութիւն կամ գործակցութիւն իր մէջ պիտի չկարողանայ կրել Լիբանանը, դէպի իր անցեալի փառքի օրերուն փոխադրող «կախարդական փայտիկ»ներ։
Մինչ քաղաքական անորոշութեան օղակը աւելիով կը սեղմուի Լիբանանի վզին, արագ եւ «հաստատ» քայլերով տոլարը կը բարձրանայ, լիբանանեան լիրան կ՚արժէզրկուի եւ «Լիբանանը դէպի ո՞ւր» հարցադրումը կը դառնայ գերակայող հարցադրում։
«Ա»