image

«3+3»-ի յաջորդ հանդիպումը Իրանի՞ մէջ

«3+3»-ի յաջորդ հանդիպումը Իրանի՞ մէջ

Ռուսաստանի Դաշնութեան գլխաւոր դիւանագէտը` արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովը հերթական անգամ հեռախօսազրոյց ունեցած է իր իրանցի գործընկերոջ` Իրանի արտաքին գործոց նախարար Հըսէյն Ամիր Ապտըլ Լահեանի հետ` ի թիւս այլ հարցերու խօսելով նաեւ «3+3» ձեւաչափի` Հարաւային Կովկասի հարցերով տարածաշրջանային խորհրդակցական հարթակի մասին: 

Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարարը Ապտըլ Լահեանի հետ զրոյցին մէջ ողջունած է Իրանի կողմէ «3+3»-ի յաջորդ հանդիպման հիւրընկալումը:

Լաւրով նաեւ յոյս յայտնած է, որ այդ համաժողովը կ'ապահովէ տարածաշրջանային երկիրներու շահերը եւ կ'ամրապնդէ կայունութիւնն ու անվտանգութիւնը տարածաշրջանին մէջ:

Զրուցակիցները խօսած են նաեւ Իրանի միջուկային ծրագրի շուրջ Վիեննայի մէջ ընթացող բանակցութիւններուն մասին: