image

17-ամեայ Արտէն Պոյաճեանի ողբերգական մահը (Տեսանիւթ)

  17-ամեայ Արտէն Պոյաճեանի ողբերգական մահը  (Տեսանիւթ)

Արտէնի յուղարկաւորութեան ու թաղման արարողութիւնը տեղի ունեցած են 18  ապրիլին  Պոքա Ռաթոն շրջանի Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ մէջ։

 

Օրերս ծանր արկածի մը հետեւանքով իր աչքերը յաւերժին փակած է 17-ամեայ երիտասարդ Արտէն Պոյաճեանը։

Այս մասին «Արեւելք» տեղեկացաւ հանգուցեալի ազգականներէն։

Կը նշուի, որ Արտէն ինքնաշարժի արկածի  հետեւանքով տեղւոյն վրայ մահացած է, իսկ արկածը եղած է   Ֆլորիտա շրջանի մէկ մայրուղիին վրայ։

 

Արտէն որդին է Անդրանիկ  եւ Մարի Պոյաճեաններու եւ եղբայրը Սէլիայի։

 

Մանուկ հասակէն շրջապատին ուշադրութեան արժարանացած երիտասարդ Արտէնի երազն էր մտնել գործարարութեան ասպարէզ հասնելու համար փայլուն յաջողութիւններու։

 Մանուկ հասակէն սիրուած Արտէնի մահը մեծ ցաւ պատճառած է շրջանի համայնքին, ուր ծնած եւ հասակ առած էր ան։

Արտէնի յուղարկաւորութեան ու թաղման արարողութիւնը տեղի ունեցած են 18  ապրիլին  Պոքա Ռաթոն շրջանի Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ մէջ։