Լիբանանեան բանակի գլխաւոր հրամանատար զօրավար Ճոզէֆ Աուն ծանուցագիր մը հրապարակած է, կոչ ուղղելով բանակի զօրավարներուն իրենց հրաժարականները ներկայացնել, փոխարէնը մինչեւ 58 տարեկան օգտուելով պաշտօնի վրայ եղած շրջանին իրենց հասանելի բոլոր ծառայութիւններէն, ինչպիսիք են օրինակ իրենց զաւակներուն կրթաթոշակները, վառելանիւթի ու հեռախօսի վճառները եւ այլն:
«Ալ Ախպար» թերթի փոխանցմամբ, մինչեւ այս պահը 22 սպայ իրենց հրաժարականները ներկայացուցած են, որոնց շարքին են Պէյրութ շրջանի նախկին հրամանատար, եւ մինչեւ 2005 թուական Հետախուզական վարչութեան տեխնիկական բաժնի հրամանատարի պաշտօնն զբաղեցուցած զօրավար Ղասսան Թուֆայլի, եւ բանակի գլխաւոր հրամանատարի գրասենակի նախկին տնօրէն զօրավար Մուհամմատ Ալ Հուսէյնի:
Նշուած է, որ ծանուցագիրին հետապնդած նպատակը ոչ թէ նիւթական, այլ վարչական է, եւ ուղղուած է ռազմական վարչամեքենային մէջ զօրավարներու թիւի չափազանցուած աճին դէմ: