image

Ժամանակն է, որ ՌԱԿ-ը վերադառնայ իր առաջնորդողի դերին. Երուանդ Ազատեան

Ժամանակն է, որ ՌԱԿ-ը    վերադառնայ իր  առաջնորդողի  դերին. Երուանդ Ազատեան

«Մենք այստեղ հաւաքուած ենք ՌԱԿ Վերականգնումի եւ միութեան դրօշին ներքեւ, որովհետեւ վերջին շրջանին կուսակցութիւնը ներքին դժուարութիւններ ունեցած է, եւ մենք եկած ենք այստեղ, հայրենի հողին վրայ այդ տարակարծութիւնները վերացնելու»,- «Արեւելք»ին ըսաւ ՌԱԿ-եան պատասխանատու պրն. Երուանդ Ազատեան: Ազատեան  յիշեցուց նաեւ,  թէ 1921 թ.-ին ստեղծուած ՌԱԿ-ը այսօր նոյնպէս կը գտնուի կարեւոր փուլի մը մէջ: Ան   ըսաւ, որ 1921-ին երբ Խորհրդային Հայաստանը ստեղծուեցաւ, քաղաքական նոր իրավիճակի բերումով, տարբեր հայկական խմբաւորումներ եւ միութիւններ, որոնցմէ շատեր մասնակցած էին հայ ազատագրական պայքարին, միացան նորաստեղծ ՌԱԿ-ին:

Ազատեան ըսաւ, որ Երեւանի մէջ օրերս գումարուող ՌԱԿ Վերականգնումի համաժողովը երկար ժամանակի վրայ եղած ծրագրաւորումի արդիւնք է,  նշելով նաեւ, որ մասնաւորապէս անցնող օրերուն Արցախի մէջ տեղի ունեցած անցուդարձերը յաւելեալ ուժ եւ խթան հանդիսացան, որպէսզի սփիւռքի մէջ քաղաքական գործունէութեամբ զբաղուող   խաւը աւելի մօտէն հետեւի Հայաստանի իրավիճակին եւ նոր լիցք ստանալով պատրաստուի կարեւոր աշխատանքներ տանիլ՝ յանուն Արցախի անվտանգութեան եւ պահպանման:

Ազատեան ըսաւ,  որ այս հանգամանքները կը ստիպեն, որ ՌԱԿ-ը վերադառնայ իր փառահեղ անցեալին եւ ինչպէս երէկ, նոյնպէս այսօր, դառնայ առաջնորդող հայ քաղաքական ուժ:

Ըստ մեր խօսակիցին, այս բոլոր գործընթացներուն յաջողութեան համար կարեւորագոյն գրաւականը «ներքին տան խնդիրներուն կարգաւորումն է»,  եւ այդ պատճառով է, որ իրենք այսօր կը գտնուին Հայաստանի մէջ, որպէսզի կարելի ըլլայ սփիւռքի բոլորանուէր ներուժը համախմբել եւ անհրաժեշտ օժանդակութիւններ տրամադրել դժուարին հանգրուանի մէջ գտնուող Արցախին եւ արցախահայութեան:

Ազատեան  նշեց, որ սփիւռքի հայ քաղաքական կուսակցութիւնները երբեք ինքնանպատակ չեն եւ անոնք պէտք է դառնան ներզօրը եւ լրացուցիչը՝ Հայաստանի  իշխանութիւններուն արտաքին քաղաքականութեան եւ  համահայկական օրակարգերու արծարծման եւ աշխատանքներու ընդհանուր համակարգումին: Ան հաստատեց, որ սփիւռքը քաղաքական ինքնուրոյն օրակարգ չի կրնար ունենալ եւ անոր քաղաքականութիւնը պայմանաւորուած է Հայաստանով եւ Արցախի ճակատագրով:

Պատասխանելով «Արեւելք»ի հարցումին, թէ այսօրուան դրութեամբ ՌԱԿ-եան ղեկավարութիւնը   ի՞նչ ակնկալիքներ  ունի  ՌԱԿ Հայաստանի իշխանութիւններէն, Երուանդ Ազատեան ըսաւ. «Հայաստանի իշխանութիւններն այսօր չափազանց զբաղուած են Արցախի անվտանգութեան հարցերով, անոնց դերը պէտք է ճիշդ հասկնալ եւ անոնց կեցուածքները ճիշդ գնահատել, այն իմաստով, որ երբ ամբողջ երկիրը կը գտնուի դժուարին եւ վտանգաւոր դրութեան մը մէջ, հայրենի իշխանութիւնները պարտաւոր չեն կուսակցութիւններու, կամ այլ նուազ առաջնահերթութիւն հանդիսացող հարցերով զբաղելու»: Ազատեա դիտարկեց,  որ վերջին 20-25 տարիներու ընթացքին, հակառակ անոր, որ հայրենի իշխանութիւնները միշտ ջատագոված են ՌԱԿ –եան միասնակամ ըլլալու կարեւորութիւնը, սակայն գործնական գետնի վրայ չեն գործած այդ միասնականութեան ոգիէն բխելով, նկատել տալով, որ  կարգ մը կարեւոր քայլեր կային, որոնք պէտք է առնուէին Հայաստանի իշխանութիւններու կողմէ, ապահովելու համար ՌԱԿ –եան միասնականութիւնը, սակայն այդ քայլերը չառնուեցան իշխանութիւններու կողմէ:

Ազատեան  ըսաւ, որ այսօր Հայաստանի իշխանութիւնները լաւ գիտեն, որ ամէնէն առաջնահերթ խնդիրը սփիւռքեան ճակատին վրայ՝ սփիւռքի մէջ եղած կառոյցներուն պահպանումն է եւ այդ կառոյցներուն գործունէութեան շարունակութեան ապահովումը: Ան շեշտադրեց, որ սփիւռքը Հայաստանէն ակնկալիքներ չունի եւ ըսաւ. «Սփիւռքը Հայաստանէն փող չուզեր, սփիւռքը Հայաստանէն այլ ներդրումներ չսպասեր, եւ սփիւռքը պատրաստ է տալու:  Եւ որպէսզի սփիւռքը կարենայ տալ, Հայաստանը պէտք է պատրաստ ըլլայ ճանչնալ եւ ընդունիլ այդ նոյն սփիւռքը»:

Երուանդ Ազատեան   ըսաւ, որ անցնող օրերուն Արցախի մէջ տեղի ունեցող դէպքերը ցոյց տուին, որ սփիւռքը միակամ է եւ սփիւռքեան տարբեր մայրաքաղաքներու մէջ հայութիւնը մէկ գաղափարի շուրջ հաւաքուելով յաջողեցաւ միակամ եւ միասնական ձեւով իր խօսքը հնչեցնել՝  կապուած Արցախի մէջ տեղի ունեցող դէպքերուն: Ան այս առումով  ըսաւ. «Սփիւռքի ամբողջ երիտասարդութիւնը այսօր ոտքի է եւ այդ երիտասարդութիւնը նոյնքանով պահանջատէր է, ինչպէս որ էր՝ Ղարաբաղի առաջին պատերազմի ընթացքին եւ այս առումով կարեւոր աշխատանքներ կը կատարուին, որպէսզի միջազգային հանրութեան տարբեր շրջանակներուն լուսաբանութիւններ տրուին, թէ ինչ է Ղարաբաղի մէջ տեղի ունեցածը եւ բացատրուի, որ հայ ժողովուրդը իրաւատէր է եւ Արցախի ժողովուրդը այդ հողին տէրն է եւ կը պայքարի իր արդար իրաւունքներուն համար:

Երուանդ Ազատեան խօսելով Ազրպէյճանի կեցուծքներու մասին, յարեց, որ Ազրպէյճան, ինչպէս երէկ՝ Թուրքիա, նոյն ձեւով կը փորձէ պատուհասել մեր ժողովուրդի անվտանգութիւնը, եւ եթէ բաւարար ուժ ունենայ, 2-րդ ցեղասպանութիւն մը կը գործէ: Երուանդ Ազատեան նշեց, որ տարբեր առիթներով Հայաստանի մէջ  յատկապէս, կը գրուի այն մասին,թէ  եթէ Ղարաբաղի հարցը չըլլար, Հայաստանը աւելի հանգիստ պայմաններու մէջ պիտի ըլլար, եւ այս մօտեցումը հերքելով ըսաւ. «Այս մօտեցումը բացարձակապէս սխալ մօտեցում է, որովհետեւ եթէ Ղարաբաղը չըլլար, եթէ Ղարաբաղի ինքնապաշտպանութիւնը չըլլար, Ազրպէյճան այսօր աչք դրած պիտի ըլլար Հայաստանի վրայ»:

ՌԱԿ  ղեկավարը  աւարտին ըսաւ,  որ «Ազրպէյճանի համար գերագոյն նպատակ մը կայ, որն է՝ ոչ միայն Արցախը զաւթել իր իրաւատէր ժողովուրդէն, այլ նաեւ ծանր հարուած հասցնելով՝  բնաջնջել Հայաստանը»: