image

Յորդանանի Հիւսէյն թագաւորը եւ CIA -ի կողմէ «հովանաւորուած» սիրավէպը. Բացայայտումներ

Յորդանանի Հիւսէյն թագաւորը եւ CIA -ի  կողմէ  «հովանաւորուած» սիրավէպը. Բացայայտումներ

ԱՄՆ նախկին նախագահ Ճոն Քենետիի սպանութեան վերաբերեալ իրականացուող քննութիւններէն որոշ փաստաթուղթեր հրապարակուած են ամերիկեան «USA Today» թերթին կողմէ:

Փաստաթուղթերը հրապարակող թերթը յօդուածով մը բացայայտած է «CIA»ի ու Յորդանանի նախկին թագաւոր Հիւսէյնի միջեւ գոյութիւն ունեցած կապը:

Թերթին հաւաստմամբ, «CIA» հոլանտացի դերասանուհի Սուզան Քապոթին միջոցով փորձած է հասնիլ Յորդանանի թագաւորին:

Վերջինս 1956 թուականին ԱՄՆ կատարած իր այցի ժամանակ ԱՄՆ կառավարութենէն խնդրած է Քապոթի հետ հանդիպում կազմակերպել, եւ այդ հանդիպումը կայացած է 1959 թուականի ապրիլի 9-ին, թագաւոր Հիւսէյնի պատուին կազմակերպուած երեկոյթի ընթացքին:

Նշուած է նաեւ, որ «CIA»ի կարգադրութեամբ Յորդանանի թագաւորի Լոս Անճելըսի տան հարեւանութեամբ գտնուող հիւրանոցին մէջ կեղծ անուամբ սենեակ ապահովուած է, որպէսզի այդ օրերու 23-ամեայ թագաւորն այնտեղ իջեւանէր: