ԱՄՆ նախկին նախագահ Ճոն Քենետիի սպանութեան վերաբերեալ իրականացուող քննութիւններէն որոշ փաստաթուղթեր հրապարակուած են ամերիկեան «USA Today» թերթին կողմէ:
Փաստաթուղթերը հրապարակող թերթը յօդուածով մը բացայայտած է «CIA»ի ու Յորդանանի նախկին թագաւոր Հիւսէյնի միջեւ գոյութիւն ունեցած կապը:
Թերթին հաւաստմամբ, «CIA» հոլանտացի դերասանուհի Սուզան Քապոթին միջոցով փորձած է հասնիլ Յորդանանի թագաւորին:
Վերջինս 1956 թուականին ԱՄՆ կատարած իր այցի ժամանակ ԱՄՆ կառավարութենէն խնդրած է Քապոթի հետ հանդիպում կազմակերպել, եւ այդ հանդիպումը կայացած է 1959 թուականի ապրիլի 9-ին, թագաւոր Հիւսէյնի պատուին կազմակերպուած երեկոյթի ընթացքին:
Նշուած է նաեւ, որ «CIA»ի կարգադրութեամբ Յորդանանի թագաւորի Լոս Անճելըսի տան հարեւանութեամբ գտնուող հիւրանոցին մէջ կեղծ անուամբ սենեակ ապահովուած է, որպէսզի այդ օրերու 23-ամեայ թագաւորն այնտեղ իջեւանէր: