image

Ըստ Թրամբի Պահրէյնը եւս պիտի միանայ «խաղաղութեան ծրագրին»

Ըստ Թրամբի Պահրէյնը եւս պիտի միանայ «խաղաղութեան ծրագրին»

Իսրայէլի եւ Պահրէյնի իշխանութիւնները պայմանաւորուած են յարաբերութիւններու կարգաւորման շուրջ։ Այս մասին Twitter-ով յայտնած Է Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ՝ Տանըլտ Թրամբ։

«Պատմութեան մէջ եւս մէկ բեկումնային իրադարձութիւն: Մեր երկու մեծ բարեկամներ Իսրայէլն ու Պահրէյնի Թագաւորութիւնը պայմանաւորուած են խաղաղ համաձայնութեան մասին, երկրորդ արաբական երկիրը, որ 30 օրուայ մէջ խաղաղութեան համաձայնագիր կը կնքէ Իսրայէլի հետ»,- գրած է Twitter-ի իր էջին Թրամբը։

Մէկ այլ գրառման մէջ ան հրապարակած է ԱՄՆ-ի, Պահրէյնի եւ Իսրայէլի համատեղ յայտարարութիւնը, ուր երկու երկիրները կը հաստատեն «դիւանագիտական լիարժէեք յարաբերութիւններու» պատրաստակամութիւնը:

Բացի այդ, նշուած է, որ Պահրէյնը կը մասնակցի Իսրայէլի եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու միջեւ համաձայնագիրի ստորագրման արարողութեան, որ տեղի կ'ունենայ 15 սեպտեմբերին։

Յիշեցնենք, որ Իսրայէլն ու Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները ԱՄՆ-ի միջնորդութեամբ համաձայնութեան եկած են յարաբերութիւնները կարգաւորելու շուրջ: Իսրայէլը, ժամանակաւորապէս կը կասեցնէ Արեւմտեան ափի զբաղեցուցած խոշոր տարածքները միակցելու իր ծրագիրը: Մինչ այս պահը Իսրայէլը դիւանագիտական յարաբերութիւն չէր հաստատած Պարսից ծոցի արաբական երկիրներէն որեւէ մէկուն հետ: