ՀՀ առողջապահութեան նախարար Արսէն Թորոսեանը ֆեյսպուքեան իր էջին գրած է.
«Այսօր 2 կեղծ լուր շրջանառուեցաւ հաւանական «քորոնա» ժահրով վարակուած հիւանդներու վերաբերեալ, որոնք տարածուեցան կայծակնային արագութեամբ։
Տեղեկացնեմ, որ մինչ օրս կատարուած տարրալուծական քննութիւնները, որեւէ մէկու մօտ «քորոնա»ի վարակ չեն յայտնաբերած, այդ շարքին՝ Աստղիկ Բժշկական կեդրոնին մէջ մահացած մեր քաղաքացիի մօտ, որուն հարազատներուն կը ցաւակցիմ։
Կոչ կ'ընեմ չհաւատալու մտացածին լուրերուն եւ հետեւիլ պաշտօնական լրահոսին»։
Աւելի վաղ «Աստղիկ» ԲԿ-ն հերքած է մամուլի մէջ տարածուած տեղեկութիւնները, թէ ԲԿ-ին մէջ Իրանի քաղաքացի մահացած է: