Թրքական «Հիւրրիյէթ» թերթը յօդուած մը հրապարակած է «Սուրիոյ մէջ անակնկալ տեղաշարժներ» խորագրով, ուր անդրադարձած է վերջին շրջանին տարածաշրջանի, եւ յատկապէս Սուրիոյ մէջ տեղի ունեցած զարգացումներուն:
Յօդուածագիր Մուրատ Եթքին տարածաշրջանի մէջ առաջին անակնկալը համարած է Իսրայէլի վարչապետ Նաթանիահուի այցը Սոչի, ուր համագումարէն ժամեր առաջ հանդիպում ունեցած է Ռուսիոյ նախագահ Փութինի հետ, շեշտելով, որ ան Ռուսիոյ աջակցութիւնը խնդրած է, Սուրիոյ մէջ իրանեան ներկայութիւնը չէզոքացնելու առումով:
Յօդուածագիրը նշած է, որ Սուրիոյ պատերազմի ընթացքին Սուրիոյ մէջ պայքար մղող իրանեան ուժերն ու «Հըզպալլա»ի զօրքերը մտահոգութիւն առաջացուցած են Իսրայէլի մօտ, նկատի ունենալով, որ վերջիններս աստիճանաբար կը մօտենան Կոլանի սահմանին:
Միւս կողմէ Եթքին կարծիք յայտնած է, որ Ռուսիա նոյնպէս մտահոգ է այն բանէն, որ Իսրայէլ կը շարժի ըստ ԱՄՆ-ի ցանկութեան, իսկ վերջինս ամէն գնով կը փորձէ Սուրիոյ պատերազմը երկարաձգել, հակադրուելով Ռուսիոյ ցանկութեան:
Ինչ կը վերաբերի ամերիկա-քրտական համագործակցութեան, Եթքին համարած է, որ անոր ետին կանգնած է իրանեան ուժերուն Սուրիա հասնիլը խանգարելու նպատակով անվտանգ գօտի ստեղծելու հեռանկարը:
Ինչ կը վերաբերի երկրորդ անակնկալին, Եթքին նշած է, որ համագումարի ընթացքին Սուրիոյ ընդդիմութեան, այդ թուին նաեւ Ազատ բանակի կողմէ Սուրիոյ պետական դրօշը բարձրացնելուն դէմ ընդդիմնալն է, պահանջելով անոր կողքին տեղ տալ նաեւ ընդդիմութեան դրօշին:
Եթքինի կարծիքով, ԱՄՆ ինքզինք սահմանափակումներու առջեւ կանգնեցուց, երբ որոշեց համագործակցիլ քրտական ինքնապաշտպանութեան ուժերուն հետ: