Հալէպի մէջ գործող Հայ Աւետարանական Եկեղեցիներու Ընկերային Ծառայութեան Յանձնախումբը նկատի ունենալով Հալէպի բնակչութեան 11 օրէ ի վեր ջուրէ զրկուած ըլլալը եւ աւելի քան 4 ամիսէ ի վեր՝ ելեկտրականութենէ եւ շարունակելով իր ծառայութիւնները Չորեքշաբթի 27 Յունուար, 2016-ին նախաձեռնած է բարեգործական օգնութիւն մը, համայնքի ընտանիքներուն նիւթական օժանդակութիւն եւ հանքային ջուրի բաշխելով:
