image

«Յիսուն տարիէ ի վեր Եւրոպան մեզ յիմարի տեղ կը դնէ». Ըսաւ Էրտողան

«Յիսուն տարիէ ի վեր Եւրոպան  մեզ յիմարի տեղ կը դնէ». Ըսաւ Էրտողան

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանը կարծիք յայտնած է, որ Ռուսաստանի մասնակցութիւնը շատ կարեւոր է Սուրիոյ հակամարտութեան կարգաւորման հարցին։ Այս մասին ան խօսած է ТАСС-ին տուած հարցազրոյցին՝ Ռուսաստան կատարած իր այցի նախօրէին։

«Առանց Ռուսաստանի մասնակցութեան անհնար է գտնել սուրիական հակամարտութեան խնդրին  լուծումը։ Միայն Ռուսաստանի հետ համագործակցութեան պարագային է, որ մենք կրնանք կարգաւորել Սուրիոյ մէջ տիրող ճգնաժամը»,- ըսած է Էրտողան։

Ան նաեւ ըսած է, որ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ բանակցութիւնները «երկու երկիրներու միջեւ յարաբերութիւններուն համար նոր էջ կը բանան»։  Էրտողան   քննադատելով Եւրոպան    դիտել տուած  է, թէ «եւրոպացիները   յիսուն տարիէ   ի վեր կը խաբեն  մեզ:
Եւրամիութիւնը չի գործադրեր Թուրքիոյ տուած իր խոստումներն ու անոնք  53 տարի շարունակ  մեզ յիմարի տեղ կը դնեն »,- յայտնած է Էրտողան։