ՀՀ վարչապետի պաշտօնակատար, «Իմ քայլը» դաշինքի ընտրական ցուցակը ղեկավարող Նիկոլ Փաշինեանը 9 դեկտեմբերին քուէարկեց` յանուն ազատ, երջանիկ եւ հզօր Հայաստանի: Լրագրողներու հետ զրոյցի ժամանակ ան նշեց, որ կարծես թէ ընտրութիւններու ընթացքի հետ կապուած խնդիրներ չկան: Ահազանգերուն, որ որոշ տեղերու մէջ վարչական միջոց կիրառուած է, ան արձագանգեց, որ եթէ նման փաստեր պարզուին, վարչական միջոց կիրառողները կը պատժուին:
«Ժողովրդավարութեան էութիւնը այդ է, որ քաղաքացիները, ընտրողներն են որոշում` ով է լինելու իշխանութեան ղեկին կամ խորհրդարանում, եւ ով չի լինելու: Ընտրութիւնների արդիւնքում մենք կ'իմանանք, թէ ով է կառավարութեան գլխաւոր քաղաքական ընդդիմութիւնը»,- ըսած է ան:
Փաշինեանը չէ մեկնաբանած ՀՀ երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանի կալանաւորման գործընթացը, նշած է, որ այդ քրէական գործը շատոնց սկսած է, այն որեւէ կերպ կապուած չէ ընտրութիւններուն հետ, այն սկսած է 5 ամիս առաջ, եւ նախաքննութիւնը կը շարունակուի:
Հարցին` կը բացառէ՞ ընտրութիւններէն ետք դաշինքի կազմումը, ան պատասխանած է.
«Եթէ սոցհարցումներն արտայայտում են ժողովրդի կամքը եւ պատկերացումները, քոալիցիա չի լինի»:
Մարզպետներու իրականացուցած քարոզչութեան մասին ահազանգերուն Փաշինեանը արձագանգած է` նշելով.