image

Վստահ եմ, որ Հալէպի օդակայանի վերաբացումը ժամանակի հարց է.Վրէժ Իշխանեան

Վստահ եմ, որ Հալէպի  օդակայանի վերաբացումը ժամանակի  հարց է.Վրէժ Իշխանեան

«Արեւելք»ի հարցումներուն կը պատասխանէ հալէպահայ  հասարակական  գործիչ՝  Վրէժ Իշխանեանը


-Ինչպէ՞ս կը գնահատէք Հալէպի  ներկայիս ապահովական իրավիճակը:


Սուրիոյ մէջ անվտանգութեան եւ ապահովական իրավիճակի վերաբերեալ նկատելի զարգացումներ կան՝ դրական առումով: Հալէպի մէջ եւս ապահովութիւնն ու անվտանգութիւնը վերահաստատուած են շնորհիւ Սուրիական բանակի քաջարի զինուորներուն: Ինչ կը վերաբերի տնտեսական իրավիճակին, տակաւին որոշ չափով  վատ է վիճակը,  բան մը, որ պայմանաւորուած է Սուրիոյ վրայ պարտադրուած շրջափակումով, որ կ'իրականցուի մասնաւորպէս զինեալ ահաբեկիչներուն  աջակցող երկիրներու կողմէն:

 

-Վերջերս Հայաստանի պետութիւնը մարդասիրական առաքելութիւն մը կատարեց եւ Սուրիա ուղարկեց մասնագէտներու խումբ մը, որոնց շարքին՝ ականազերծողներ եւ բժիշկներ: Այս նախաձեռնութեան մասին ի՞նչ է ընդհանուր տպաւորութիւնը յատկապէս սուրիական փողոցին մէջ: Մեր արաբ եղբայրները ինչպէ՞ս կը գնահատեն այս քայլը:


Սուրիա ժամանած հայկական մարդասիրական խումբին  մասին խօսելով  հարկ է նշել, սուրիական փողոցը մեծապէս ողջունեց այս քայլը, մանաւանդ, որ այս խումբը կ'աշխատի մարդասիրական ոլորտի մէջ: Այս մէկը նաեւ կը զօրացնէ յարաբերութիւնները Հայաստանի եւ Սուրիոյ  հանրապետութիւններուն միջեւ:

 

-Դուք ինչպէ՞ս կը մեկնաբանէք Հայաստանի ղրկուած մարդասիրական առաքելութիւնը:


Ինչպէս   այլ առիթներով  ալ  ըսած եմ՝ պէտք է ոչ միայն Հայաստանի կառավարութեան կողմէ կատարուի այս նախաձեռնութիւնը, այլ նաեւ կը փափաքէի, որ ՄԱԿ-ը նման նախաձեռնութեամբ մը հանդէս գար, օժանդակելու համար Սուրիոյ ժողովուրդին,  բոլոր բնագաւառներէն ներս, որպէսզի Սուրիան տոկուն կերպով կարենայ շարունակել իր պայքարը ահաբեկչութեան դէմ:

Հայաստանի այս առաքելութիւնը կը հաստատէ, որ ՀՀ-ն կ'աշխատի մարդկային ոլորտի մէջ եւ հետեւաբար Հայաստանը այն երկիրն է, որ իսկապէս կը ձգտի միջազգային խաղաղութեան հաստատման:


-Հալէպի օդակայանի բացման մասին տեղկութւններ ունի՞ք:


Հալէպի օդակայանին մասին իմ ունեցած տուեալներս կ՚ըսեն, որ օդակայանը այս վայրկեանին իսկ պատրաստ է աշխատելու եւ թեքնիք առումով ալ բարենորոգման աշխատանքները ամբողջապէս աւարտած են։ Սակայն Սուրիոյ պետութիւնը մտավախութիւն ունենալով Հալէպի արուարձաներուն մէջ տեղակայուած զինեալներու կողմէ օդանաւերու թիրախաւորուման եւ ճամորդներու անվտագութեան  վերաբերեալ, առայժմ, օդակայանի բացման եւ թռիչքներու վերսկսման մասին յայտարարութիւն չընէր:

Իմ կարծիքով, օդակայանի բացումը պիտի չկատարուի մինչեւ Հալէպ քաղաքը իր արուարձաններով միասին ամբողջութեան չմաքրուի զինեալներէն:

 

-Մտահոգութիւն ունի՞ք թրքական ուժերու սուրիական հողերուն վրայ գտնուելուն առընթեր:


Թրքական ուժերու սուրիական հողերուն վրայ գտնուիլը  ուղղակիօրէն կը նկատուի բռնազաւթում եւ խախտում՝ ՄԱԿ-ի միջազգային օրէնքներուն : Եղածը թուրքերու կողմէ բացարձակ բռնատիրութիւն է՝ սուրիական հողերուն: Եւ բնականաբար, Թուրքիան այս քայլին դիմեց, երբ իր հսկողութեան ներքոյ եւ անոր անմիջական հրահանգներով գործող  ահաբեկիչ զինեալները ձախողեցան իրականացնել անոր օսմանեան նկրտումները:

Թրքական ուժերու   գոյութեան    վերաբերեալ ես ոչ մէկ մտավախութիւն ունիմ, եւ այնքան ատեն, որ Սուրիոյ բանակը եւ անոր կողքին գործող համակիր ուժերը կան, կասկած չունիմ, որ սուրիական հողերը պիտի մաքրազերծուին  այսպէսկոչուած  «նոր օսմանցիներ»էն։