Վրաստանի մէջ հայկական համարանիշներով ինքնաշարժ մը արկածի ենթարկուած է։ Մանրամասնութիւններուն մէջ հայաստանեան սահմանը հատած եւ Վրաստան մուտք գործած «Մերսէտէս» մակնիշի ինքնաշարժը բախած է ճամբեզրի պատնէշին ու ապա բռնկած։
Այս մասին դիմատետրի իր էջին գրառում կատարած է ՀՀ առողջապահութեան նախարար Արսէն Թորոսեանը։
Նախարարը նաեւ գրած է, թէ արկածի հետեւանքով զոհուած են 3 անձեր։Իր կարգին ՀՀ ԱԻՆ-ի նախարարութիւնը դէպքին մասին տուեալներ ներկայացնելով նկատել տուած է, որ արկածը եղած է կիրակի օր առաւօտ կանուխ եւ զոհերու դիակները գտնուած են արկածի ենթարկուած ինքնաշարժին մէջ, մինչ 5 ուրիշներ տարբեր մակարդակի վէրքերով փոխադրուած են Վրաստանի հիւանդանոցներ։