image
Հրատապ լուրեր:

Վրացի զինուորականներ հայ զինուորներուն լեռներու վրայ տեղաշարժ պիտի սորվեցնեն

Վրացի զինուորականներ հայ զինուորներուն լեռներու վրայ տեղաշարժ պիտի սորվեցնեն

 Հայաստանի եւ Վրաստանի Պաշտպանութեան նախարարներ Վիգէն Սարգսեան եւ Լեւան Իզորիա Թիֆլիսի մէջ տեղի ունեցած պաշտօնական հանդիպման ընթացքին համաձայնագիր ստորագրած են համագործակցութեան մասին: Ստորագրած համաձայնագրին համաձայն` Հայաստան եւ Վրաստան կը համագործակցին ռազմավարական ծրագրաւորման, ռազմական կրթութեան, բժշկութեան ոլորտներուն մէջ:

Երկկողմ հանդիպման շրջանակին մէջ կողմերը շօշափած են նաեւ ՕԹԱՆ-ի եւ ՄԱԿ-ի խաղաղապահական առաքելութիւններուն հայ եւ վրացի զինուորներու մասնակցութիւնը: «Ուրախ եմ, որ մեր զինուորները կողք կողքի կը պայքարին ահաբեկչութեան դէմ, կը սատարեն աշխարհի մէջ ապահովութեան եւ կայունութեան պահպանման», -ըսած է Իզորիա` ընդգծելով, որ հայ-վրացական յարաբերութիւնները խոր արմատներ ունին: Վրաստանի Պաշտպանութեան նախարարը նաեւ հայ զինուորներուն համար առաջարկած է լեռնային պայմաններու մէջ եւ ձիւնի վրայ տեղաշարժի կատարելագործման յատուկ դասեր: