Տահէշ ահաբեկչական խմբաւորման կողմէ առեւանգուած Լիբանանեան բանակի 10 զինուորներու հարցով յառաջիկայ օրերուն նոր տուեալներ կրնան հրապարակուիլ: Այս մասին տեղեկութիւնը կը փոխանցէ «Ալ Ժատիտ» կայանը: Աղբիւրը կը նշէ, որ Լիբանանի ընդհանուր ապահովութեան տնօրէն զօր. Ապպաս Իպրահիմ յառաջիկայ օրերուն կրնայ այս մասին ցնցիչ տեղեկութիւններ հրապարակել: Իպրահիմ, որ այս հարցին մօտէն կը հետեւի, իրեն մօտիկ համարուող աղբիւրներու ըսած է, որ Ընդհանուր Ապահովութեան եօթ սպաներ յատուկ գործողութիւն մը կատարած են Սուրիոյ սահմանային «Ալ Քարա» աւանին մէջ, ուր յայտնաբերած են անծանօթ դիակներ: Կայանը կը նշէ, որ օրերս այդ դիակներու DNA քննութիւն կը կատարուի ու անկէ ետք պարզ պիտի դառնայ դիակներուն ինքնութիւնը: «Ալ Ժատիտ» այս առումով մտավախութիւն յայտնած է, որ յայտնաբերուած դիակները կրնան լիբանանեան բանակի առեւանգուած զինուորներունը ըլլալ: Յիշեցնենք, որ բանակի զինուորները առեւանգուած էին օգոստոս 2014-ին Լիբանանի Արսէլ աւանին մէջ, որուն բարձունքներուն Տահէշի կեդրոնատեղիներ եւ դիրքեր կան: Աւելի վաղ լիբանանեան տարբեր աղբիւրներ գրած էին, որ շրջանառութեան մէջ դրուած է այն տեղեկութիւնը ըստ որուն բանակի զինուորները փոխադրուած են ահաբեկչական կեդրոնատեղի համարուող Սուրիոյ Ռաքքա քաղաք: