image

Վիճակը այսօր յուսադրիչ է. Ես հալէպահայերու դէմքերուն ժպիտ նկատեցի. Դեսպան Արշակ Փօլատեան

Վիճակը այսօր յուսադրիչ է. Ես հալէպահայերու  դէմքերուն  ժպիտ նկատեցի. Դեսպան Արշակ  Փօլատեան

«Արեւելք»ի  հարցումներուն կը պատասխանէ Սուրիոյ Արաբական Հանրապետութեան  մօտ  ՀՀ Արտակարգ եւ Լիազօր դեսպան Պրն. Արշակ Փօլատեան

 


- Երկար ժամանակէ ի վեր Հալէպ չէիք այցելած. Ի՞նչ են ձեր տպաւորութիւնները, ի՞նչ փոփոխութիւններ նկատեցիք:


-Վերջին անգամ Հալէպ այցելած էի 2012 թուականի մայիսին, որմէ ետք, դժբախտաբար, ինչ-ինչ պատճառներով չկրցայ երթալ Հալէպ, սակայն ուշի ուշով հետեւած եմ  այնտեղ տեղի ունեցած ռազմա-քաղաքական զարգացումներուն:   Ինչպէս  գիտէք, Հալէպը ազատագրուեցաւ 2016-ի վերջաւորութիւններուն, եւ ես հնարաւորութիւն ունեցայ երթալ եւ տեսնել տեղի ունեցածը, ինչպէս նաեւ ծանօթացայ մեր համայնքի ընդհանուր վիճակին: Հալէպի հայութեան  ընդհանուր վիճակը, անշուշտ, յուսադրող է: Ես հալէպահայու   դէմքին  ժպիտ նկատեցի,  ու  կար նաեւ   պատրաստակամութիւն` այս  դժուարութիւններէն դուրս  գալու  ու  կեանքը    նորէն  շարունակելու: Անշուշտ աւերածութիւնները աներեւակայելի են: Այցելեցի  հին  քաղաքի  մասերը, մեր կրթական, մշակութային եւ հոգեւոր գրեթէ բոլոր կեդրոնները, ծանօթայ վնասներու չափերուն, որոնցմէ, անշուշտ շատ տխուր տպաւորութիւն ստացայ:

 


-Գաղութի կրած վնասները մե՞ծ են:


-Մինչ սուրիական ճգնաժամը,  մեր   միութիւններն ու կրթական եւ մշակութային  կառոյցները  բարւոք վիճակի մէջ էին, իսկ  հիմա՝ անշուշտ շատ մեծ են վնասները: Ինչպէս ողջ Սուրիան մեծ վնասներ կրեց, նոյնպէս ալ՝ հալէպահայութիւնը՝ մեր հայրենակիցները: Սակայն մարդոց մէջ լաւատեսութիւն կայ եւ ըսին որ շատ հալէպահայեր կրկին կը վերադառնան: Անշուշտ պէտք է օգտակար ըլլալ՝ Հայաստանի Հանրապետութեան ջանքերով, Սփիւռքի եւ ողջ հայութեան ջանքերով, ոչ միայն Հալէպի, այլ՝ ընդհանրապէս սուրիահայ մեր համայնքի կրած նիւթական վնասները  դարմանել  եւ աշխատանքներ տանիլ վերականգնելու    համար  սուրիահայ  դարաւոր  գաղութը: Մենք պիտի համադրենք մեր բոլոր ջանքերը՝ թէ' Հայաստանը, թէ' Արցախը եւ թէ Սփիւռքը, որպէսզի կարենանք ձեւով մը օգտակար դառնալ գաղութին, որ անցաւ ահաւոր, դաժան, բարդ եւ ծանր ժամանակաշրջանէ մը:


-Պրն. Դեսպան, ապագան յուսադրի՞չ է:


-Ես կը կարծեմ, որ Սուրիոյ եւ   անոր շուրջ տեղի ունեցող զարգացումները որոշակի լաւատեսական յոյսեր կը ներշնչեն ապագայի նկատմամբ: Դժբախտաբար, պատերազմի տարիներու ընթացքին հայաթափուեցան որոշ շրջաններ, այդ թուին նաեւ՝ Հալէպը: Բոլորին կոչ ըրի, անշուշտ մենք իբրեւ Հայաստանի Հանրապետութեան ներկայացուցիչներ իրաունք չունինք խառնուելու մեր գաղութին ներքին խնդիրներուն, սակայն յորդորեցի, որ  անոնք, որոնք ակամայ հեռացան, թէկուզ եւ ժամանակաւոր, երթան Հայրենիք: Իսկ անոնք,  որոնք այսօր  Հայաստանի մէջ   կ'ապրին թող մնան այդտեղ, որպէսզի  կարելիութիւնը ունենան     ապագային  Սուրիա  վերադառնալ: Սա, իհարկէ  անհատական մակարդակի որոշում է, բայց մեր հայրենակիցներուն Հայաստան     մեկնիլն ու հոն   ապրիլը   աւելի յուսադրիչ է,   քան ովկիանոսներէն  հեռու  երթալը ...  Չպէտք է մոռնալ, որ  մենք   Սուրիոյ  հանդէպ  ազգովին պարտականութիւն ունինք: Իսկ անոնք, որոնք, դժբախտաբար, հեռացան դէպի  Գանատա, Աւստրալիա, Եւրոպա, ես չեմ նախանձիր այդ մարդոց, լաւատես չեմ նաեւ անոնց ապագային նկատմամբ՝  ազգային իմաստով: 

 

 

 Հարցազրոյցը՝  Սագօ Արեանի