Հռոմի պապ Ֆրանչիսկոսը որոշում կայացուցած է բանալ Հռոմի Պիոս XII պապի ժամանակներու (2 մարտ 1939, 9 հոլտեմբեր 1958) Վենետիկի արխիւները, որոնք կ'առնչուին Երկրորդ համաշխարհային պատերազմի տարիներուն: Այս մասին կը հաղորդէ Վատիկանի պաշտօնական կայքը:
Աղբիւրի փոխանցմամբ` Պիոս XII-ը քննադատութեան ենթարկուած է Հոլոքոսթի մասին չխօսելու եւ պատերազմի ընթացքին մարդոց կեանքը փրկելու նպատակով բաւարար քայլեր չձեռնարկելու համար:
Փաստաթուղթերը հետազօտողներուն հասանելի պիտի ըլլան 2 մարտ 2020-ին: «Եկեղեցին չի վախնար պատմութենէն»,- ըսած է Հռոմի Ֆրանչիսկոս պապը:
Իսրայէլի նախագահ Ռեուվէն Ռիւլինը ողջունած է արխիւի գաղտնազերծման որոշումը` կոչելով այն «համարձակ» քայլ: