Վարդանանց Տօնին առթիւ Պուրճ Համուտի հայահոծ շրջանին մէջ պիտի նշուի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ անուանակոչութիւնը: Նշենք, որ այս առթիւ պիտի պատարագէ եւ յաւուր պատշաճի քարոզէ Լիբանանի թեմի բարեջան Առաջնորդ Տ. Շահէ Եպս. Փանոսեանը: Սուրբ Պատարագի աւարտին տեղի պիտի ունենայ մատաղօրհնէք, որմէ ետք օրհնուած մատաղը պիտի բաշխուի բարեպաշտ ժողովուրդին: Յիշեցնենք, որ Եկեղեցին կը գտնուի Լիբանանի Ազգային Առաջնորդարանի նորակեերտ շէնքին կից: