Վարչապետ Հարիրիի հրաժարման լուրէն ետք ծայր առած քաղաքական տագնապը կը շարունակուի:
Հարիրի, որուն երկրէն դուրս հրաժարական տալու իրողութիւնը շփոթ յառաջացուցած է երկրի քաղաքական խաւերուն մօտ կը շարունակէ «պահպանել» իր լռութիւնը եւ Ռիատէն «հետեւիլ» զարգացումներուն: Այս բոլորէն անդին սակայն Լիբանանցի բարձրաստիճան քաղաքական գործիչ մը, որ այսօր «Ռօյթըրզ» լրատուական գործակալութեան «զգայացունց» յայտարարութիւն մը ըրած է դիտել տուած է, որ վարչապետ Սաատ Հարիրի կալանքի տակ է:
Լուրի հրապարակումը առիթ հանդիսացած է տարբեր տեսակի մեկնաբանութիններու եւ տրուած ըլլալով, որ Լիբանանի քաղաքական մարմինները այս օրերուն հետամուտ են միահամուռ կերպով պաշտպանելու Սաատ Հարիրին (անկախ անոր հանդէպ ոմանց ունեցած վերապահութիւններուն) սկսած են բառացի կերպով ակնարկել Հարիրի «ազատագրման» վերաբերեալ քայլեր ձեռնարկելու մասին:
Ամէն պարագայի սկսած է յստակ դառնալ, որ շրջանային բնոյթ ունեցող Ռիատ- Պէյրութ տարակարծութիւնը կրնայ աճիլ եւ ունենալ առնուազն յս փուլին համար անդարմանալի հետեւանքներ: