«Վերջին 12 տարիներուն ես անմիջականօրէն կապ ունեցած եմ վախճանեալ Տէր Դաւիթ Արք. Սահակեանին հետ»,- «Արեւելք»ին ըսաւ Լիոն բնակող Վազգէն Էսքիճեան: Էսքիճեան նաեւ դիտել տուաւ, որ սրբազան հայրը շաբաթական դրութեամբ երեք անգամ հիւանդանոց կը տեղափոխուէր արեան «տիալիզ» ընելու համար, եւ այդ շրջանին յաճախ առիթ կ'ըլլար, որ Էսքիճեան ընկերակցէր սրբազան հօր: «Անցնող տարիներուն ընթացքին սրբազանը ոչ մէկ օր անհաւասարակշիռ կամ սխալ մօտեցում ցուցաբերած է, այլ ընդհակառակը, ան եղած է ազնիւ, նուիրեալ, հանդարտ եւ իր առօրեայով ապրող արժանաւոր հոգեւորական մը»,- ըսաւ Էսքիճեան, նկատել տալով նաեւ, որ այս բոլոր յերիւրանքները ծրագրուած քաղաքականութեան մը արդիւնքն են, որոնք կը փորձեն խոցել եւ վնաս հասցընել Հայ Եկեղեցւոյ անունին եւ վարկին: Էսքիճեան, որ Լիոնի Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ մէջ կը ծառայէ որպէս սարկաւագ, նշեց, որ շրջան ընող լուրերուն մէջ նշուած են որոշ անուններ՝ կապուած Երուսաղէմի Սրբոց Յակոբեանց վանքին մէջ տարիներ առաջ պաշտօնավարող վարդապետներուն ու այդ առումով ինք բնաւ տեղեկութիւններ չունի, բայց եւ այնպէս կրնայ հաստատապէս ըսել, որ Դաւիթ սրբազան ոչ մէկ կապ ունի շրջան ընող յերիւրանքներուն հետ: Ըստ Էսքիճեանի, համացանցի վրայ եւ նոյնիսկ Լիոնի մէջ հրապարակուող «Բրոկրէս» թերթին մէջ լոյս տեսած նիւթերը, որոնք նաեւ հրապարակուեցան «Նոր Յառաջ»ին մէջ ( «Արեւելք» «Նոր Յառաջ»էն առնելով տեղեկութիւնը, հրապարակած էր զայն իր էջին վրայ), յստակ է, որ որոշ մտածուած քաղաքականութեան մը արդիւնքն են, եւ այդ աշխատանքը նախաձեռնողները ունին մէկ նպատակ, որն է՝ դրամ «կորզել» Երուսաղէմի սուրբ աթոռի պատասխանատուներէն եւ խնդիրը մատի փաթթոցի վերածելով, վնասել հայ եկեղեցւոյ վարկին: Էսկիճան նաեւ ըսաւ, որ տարբեր տեղերէ տեղեկութիւններ ստացած է այն մասին, որ այս խնդիրը տարիներ անց յարուցող տուեալ անձնաւորութիւնը մինչեւ 4 միլիոն ամերիկեան տոլարի գումար պահանջած է պատրիարքարանէն: Աւարտին, ան կոչ ուղղեց հայաշխարհի լրատուական բոլոր ծառայութիւններուն, զգոյշ շարժիլ այս թեմային առնչութեամբ եւ հեռու մնալ հայ եկեղեցւոյ սրբութեան դէմ քար արձակելու պախարակելի դիրք ընդունելէ: Նշենք, որ ամիսներէ ի վեր համացանցի եւ իսրայէլեան հեռատեսիլի կողմէ սփռուող յայտագրի մը ընթացքին, նախկին լիբանանահայ մը ելոյթներ ունենալով, պատմած է, թէ 25 տարիներ առաջ ինք բռնաբարման ենթարկուած է Սրբոց Յակոբեանց վանքին մէջ, ժառանգաւորներու կողմէ:
«Արեւելք» պիտի շարունակէ հետեւիլ այս տեղեկութիւններու ընդհանուր ծիրին, յիշեցնելով, որ մեզի համար Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ վարկը, սրբութիւնը, անոր վեհութիւնը եւ առաքելութիւնը կարմիր գիծեր են: