Ծոցի Երկիրներու Համագործակցութեան խորհուրդը «անընդունելի» համարած է Եգիպտոսի կողմէ ղպտի եկեղեցւոյ պայթումին մէջ Քաթարի ամբաստանումը: Այս մասին կը յայտնէ «BBC Arabic»:
Նշենք, որ օրեր առաջ Եգիպտոսի Ներքին Գործոց նախարարութիւնը մեղադրանք ուղղած էր Քաթարի «Իսլամական Եղբայրութիւն» շարժման ղեկավարներու դէմ, թէ անոնք մարզած ու նիւթապէս օժանդակած են ղպտի եկեղեցւոյ պայթումն իրականացնողներու գործողութիւնները:
Այս առումով Եգիպտոսի ԱԳ նախարարութիւնը Ուրբաթ օր յայտարարութիւն մը հրապարակած էր, ուր կը նշուէր, որ Եգիպտոսի եւ արաբական երկիրներու փոխյարաբերութիւնները պէտք չէ պղտորին՝ ոչ ճշգրիտ որոշումներու հետեւանքով:
Ի պատասխան Եգիպտոսի յայտարարութեան, Ծոցի Երկիրներու Համագործակցութեան խորհուրդի գլխաւոր քարտուղար Ապտուլլաթիֆ Ալ Զիյանի խորհուրդի գլխաւոր քարտուղարութեան անունով հրապարակուած յայտարարութեան մէջ ըսած է, որ արագ ու ոչ ստոյգ յայտարարութիւններ կատարելը կրնան պղտորել Համագործակցութեան խորհուրդի եւ Եգիպտոսի Հանրապետութեան յարաբերութիւնները:
Ալ Զիյանի շեշտած է, որ նման անվտանգութեան հարցերու պարագային, երկիրները պաշտօնական կապ պէտք է հաստատեն, պարզելու համար իրողութիւնները, այնուհետեւ ահաբեկչական յանցագործութիւններու շուրջ յայտարարութիւններ կատարեն, որոնհետեւ նման յայտարարութիւններ կրնան խաթարել երկու արաբական երկիրներու յարաբերութիւնները:
Ան նշեց նաեւ, որ Ծոցի երկիրներու դիրքորոշումը ահաբեկչութեան նկատմամբ յստակ եւ բացայայտ է, աւելցնելով, որ Ծոցի Երկիրներու Համագործակցութեան խորհուրդը դատապարտեց ղպտի եկեղեցւոյ պայթումը՝ զօրավիգ կանգնելով Եգիպտոսին, ահաբեկչութեան դէմ մղած իր պայքարին, որովհետեւ Եգիպտոսի անվտանգութիւնը նաեւ Ծոցի երկիրներու անվտանգութիւնը կ'ապահովէ: